ԿԵԱՆՔԷՆ ՀԵՌԱՑԱՒ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐ ԳՈՐԾԻՉ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Երկարատեւ ծանր հիւանդութենէ յետոյ կեանքի 81-րդ տարիին մահացած է Կ. Ստանիսլաւսկիի անուան ռուսական պետական տրամաթիքական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր տնօրէն Ալեքսանտր Գրիգորեան։ Հոկտեմբերի 31-ին մահացաւ Ալեքսանտր Գրիգորեան, որու թաղման կապակցութեամբ ստեղծուեցաւ կառավարական յանձնաժողով՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի գլխաւորութեամբ։ Անուանի արուեստագէտի հոգեհանգստեան արարողութիւնը Թատրոնին մէջ տեղի կ՚ունենայ Նոյեմբերի 3-ին, իսկ վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը՝ Նոյեմբերի 4-ին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Ալեքսանտր Գրիգորեանի հարազատներուն եւ յանձնաժողովի անդամներուն ցաւակցագիր մը փոխանցեց Արմէն Ամիրեան։ «Բոլորս կը ցաւակցինք. բոլորս կորսնցուցինք մարդ մը, որու ընկերը եղած ենք երկար տարիներ, ես՝ նաեւ ուսանողը… Մենք կորսնցուցինք լաւ ընկեր մը, հրաշալի արուեստագէտ մը, որու թողած հետքը պիտի մնայ յետագայ սերունդներու երեւակայութեան մէջ։ Համոզուած եմ, որ Ստանիսլաւսկիի անուան թատրոնի բեմադրիչները, դերասանները, միւս արուեստագէտները դեռ երկար ժամանակ պիտի պահպանեն անոր արուեստական դաւանանքը», նշած է Արմէն Ամիրեան։

Ալեքսանտր Գրիգորեան ծնած է 1936 թուականի Օգոստոսի 20-ին՝ Պաքուի մէջ։ Խորհրդային եւ հայ թատերական գործիչ էր, բեմադրիչ եւ տնօրէն, Կոնստանդին Ստանիսլաւսկիի անուան ռուսական պետական տրամաթիքական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր տնօրէն։ Աւարտած է Լենինկրատի (այժմ՝ Սեն Փեթերսպուրկ) թատրոնի եւ շարժանկարի պետական կաճառը՝ ուսանելով Լէոնիտ Վիվիէնի դասընթացքին մէջ։ 26 տարեկանին դարձած է Սմոլենսկի թատրոնի գլխաւոր ղեկավար։ 1946 թուականին հրաւիրուած է Հայաստան, նշանակուած է Երեւանի Կոնստանդին Ստանիսլաւսկիի անուան պետական ռուսական թատրոնի գլխաւոր ղեկավար, ուր 52 տարի աշխատած է որպէս թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր ղեկավար։ 2000 թուականին Երեւանի թատրոնի եւ շարժանկարի պետական կաճառի մէջ հիմնադրած է դերասանական վարպետութեան ռուսական դասընթացքը։ Բեմադրած է աւելի քան 150 ներկայացում Երեւանի, Մոսկուայի, Սեն Փեթերսպուրկի, Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Սլովենիոյ, Լեհաստանի, Հունգարիոյ մէջ եւ այլուր։

Գրիգորեանի անուան հետ կապուած են թատրոնի լաւագոյն ներկայացումները՝ Լերմոնտոյի «Դիմակահանդէս»ը, Կոկոլի «Ռեւիզէօր»ը, Սուխովօ-Քոպիլինի «Տարելկինի մահը», Շէյքսփիրի «Մաքփեթ»ը եւ այլն։

Ալեքսանտր Գրիգորեան 2000 թուականին դարձած է Ստանիսլաւսկիի, 2001 թուականին՝ Սմոտունովսկիի միջազգային թատերական մրցանակներու դափնեկիր։ 1978 թուականին արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի, 1999 թուականին՝ Ռուսաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչման, Հայաստանի Պետական մրցանակի, պարգեւատրուած է Ռուսաստանի նախագահի «Բարեկամութիւն» շքանշանով։ 2010 թուականին ստացած է Թատրոնի միջազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոսի, 2012 թուականին՝ Երեւանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում։ 2017 թուականին պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի մետայլով։

2017 թուականի Ապրիլին Ալեքսանտր Գրիգորեան բեմադրեց Ա. Օսթրովսկիի «Ամպրոպը» («Լիներ կամքի ուժ») թատրերգութիւնը, որ եղաւ վարպետի վերջին գործը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2017