ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԻ ՄԱՍԻՆ

Հնդկական Sommelier գինիի ամսագիրը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ գինեգործութեան՝ դարերու խորքէն եկող աւանդոյթներուն եւ ներկայ միտումներուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, յօդուածի հեղինակ Քանիքա Տհաւա սկիզբին անդրադարձ կատարած է հայկական գինեգործութեան պատմութեան՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի մէջ գինեգործութիւնը կը թուագրուի տակաւին պիպլիական ժամանակներէն։ Ան մասնաւորապէս պատմած է, որ «Նոյը մեծ ջրհեղեղէն յետոյ իր տապանով հանգրուանած է Արարատ լերան գագաթին, որ հայրենի պատմական սարն է»։ Արարատի ստորոտին ալ Նոյը տնկած է խաղողի առաջին տնկիները։

Հեղինակը կը նշէ, որ հայկական գինեգործութեան մասին տուեալներ պահպանուած են տարբեր աղբիւրներու մէջ, այդ մասին գրած է նաեւ հին յոյն պատմիչ Հերոտոթոսը։

Քանիքա Տհաւա կը պատմէ, որ արդէն 2011 թուականին Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանի հետազօտնողները եւ Հայաստանի Հնագիտութեան եւ ազ-գագրութեան կաճառը Արենիի մէջ յայտնաբերած են հնագոյն գինեգործութեան ապացոյցները՝ գինիի կարասներ, խաղողի որթի մնացորդներ եւ այլ նմոյշներ, որոնք ունին շուրջ 6100 տարուան պատմութիւն։

Հեղինակը կը յայտնէ, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ արտադրուող գինիի մեծ մասը կը պատրաստուի Արարատեան դաշտավայրին եւ Արմաւիրի մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ Արագածոտնի, Տաւուշի, Սիւնիքի եւ Վայոց ձորի մէջ։ «Այսօր աւելի քան 45 հայկական կազմակերպութիւն կ՚արտադրեն աւելի քան 100 տեսակի գինի տեղական եւ արտասահմանեան խաղողի տեսակներէ։ Իսկապէս, Հայաստան կրնայ բնութագրուիլ  որպէս խաղողագործութեան երազանք», գրած է Քանիքա Տհաւա։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2017