ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կոչ ուղղեց բոլորին՝ որպէսզի դադրեցնեն փոքր հակամարտութիւններու զինումը։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Մինսքի մէջ մասնակցեցաւ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի Հիմնական խումբի հանդիպման քննարկումներուն, որոնք կը վերաբերէին սպառազինութիւններու վերահսկման, վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանային հակամարտութիւններուն։ Արմէն Սարգսեանի ելոյթը տեղի ունեցաւ տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու վերաբերեալ քննարկման ժամանակ։ «Աշխարհ այնքան արագ կը փոխուի, որ փորձագիտական փոփոխութիւնները, որոնք տեղի կ՚ունենան, սրընթաց պիտի դառնան մարտահրաւէրներէն մին եւ մենք պէտք է հասկնանք, թէ ի՛նչ վերաբերմունք պիտի ցուցաբերենք այս ոլորտին մէջ։ Կը կարծեմ, որ այստեղ հիմնականը պիտի ըլլայ կանխատեսելիութիւնը», ըսաւ Արմէն Սարգսեան՝ շեշտը դնելով կայունութեան կարեւորութեան վրայ։

Մինսքի հաւաքի ընթացքին Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ նոր աշխարհի մէջ պէտք է լսելի ըլլայ բոլորի ձայնը։ «21-րդ դարուն, երբ մենք կը բախուինք բազմաթիւ վտանգներու եւ ռիսքերու, փոքր, նոյնիսկ սառեցեալ հակամարտութիւնները կրնան դառնալ մեծ խնդիրներու աղբիւր։ Անոնք կրնան վերածուիլ տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու ու նոյնիսկ դուրս գալ տարածքաշրջաններու սահմաններէն։ Մենք այսօր այս երեւոյթի ականատեսն ենք, օրինակ, Տոնպասի մէջ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Ելոյթին տեւողութեան Հայաստանի նախագահը մատնանշեց նաեւ հետեւեալը. «Մենք պէտք է զգուշութիւն ցուցաբերենք փոքր, սառեցեալ հակամարտութիւններու մասին։ Անոնք կրնան շատ վտանգաւոր դառնալ։ Սա կը վերաբերի նաեւ այն հակամարտութեան,  որուն բախուած է իմ երկիրը. խօսքը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին է։ Դժբախտաբար, այն ինչ որ տեղի կ՚ունենայ տարածքաշրջանի մէջ, կարելի է որակել՝ որպէս լարման բարձր մակարդակ։ Կը կարծեմ, թէ քսան տարի առաջ աւելի շատ կրնայինք յոյս դնել կայունութեան վրայ։ Կ՚ուզեմ կոչ ուղղել բոլոր մասնակիցներուն, խոշոր պետութիւններու ներկայացուցիչներուն՝ դադրեցնել փոքր հակամարտութիւններու, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան զինումը։ Այդ մէկը փոքր տարածք մըն է, սակայն անոր հետեւանքով Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կ՚աւելցնեն սպառազինութիւնը։ Ի հարկէ, սա միջուկային սպառազինութիւն չէ, սակայն կը բարդացնէ իրադրութիւնը, որովհետեւ այսօր փորձագիտութիւնները աւելի ու աւելի կը զարգանան, զէնքերը այսօր աւելի վտանգաւոր կը դառնան։ Մեր կեանքին մէջ ամենակարեւոր բանը ժամանակն է։ Ամէն ինչ կարելի է գնել, սակայն, դժբախտաբար, մենք չենք կրնար կանգնեցնել ժամանակը»։

Իր ելոյթի աւարտին հարցումներու պատասխանելու ժամանակ Արմէն Սարգսեան ուշադրութիւն հրաւիրեց Ատրպէյճանի մէջ կուտակուած զէնքերու եւ ռազմամթերքներու վրայ։ «Մենք պէտք է սկսինք ոչ միայն խօսիլ, այլեւ գործել խաղաղութեան համար», ըսաւ Սարգսեան եւ աւելցուց, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններէն վերջ կառավարութեան ու խորհրդարանէն ներս կ՚ըլլան մարդիկ, որոնք պիտի կարողանան Ատրպէյճանի հետ նստիլ բանակցային սեղանի շուրջ։ «Իրականութեան մէջ ամէն ինչ կախուած է ժողովուրդի կամքէն», աւելցուց նախագահը։

Մինսքի հաւաքին ժամանակ Սարգսեան կոչ ուղղեց ականջալուր ըլլալ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին՝ ան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ԵԱՀԿ-ի կողմէ գործադրուած ջանքերուն համար՝ հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով։ «Կայ հակամարտութեան կարգաւորման միայն մէկ՝ խաղաղ ճանապարհ, ռազմական ճանապարհներ չկան», ըսաւ Արմէն Սարգսեան եւ աւելցուց, որ եթէ վերսկսին ռազմական գործողութիւնները, ապա պիտի տուժեն բոլորը՝ թէ՛ Արցախը, թէ՛ Ատրպէյճանը, թէ՛ Հայաստանը եւ թէ ամբողջ աշխարհը։ Իր խօսքով՝ խաղաղ հանգուցալուծման ուղին կարելի է իրականացնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի միջոցաւ։

Միւս կողմէ, Արմէն Սարգսեան երէկ Մինսքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպայէ ներս ՆԱԹՕ-ի միացեալ զինեալ ուժերու նախկին ընդհանուր հրամանատար Ճէյմս Ճոնսի հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2, 2018