9 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Երէկ, պաշտօնապէս յայտնի դարձաւ, որ յառաջիկայ 9 դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւն։ Ինչպէս ծանօթ է, այս խնդիրը միջոցէ մը ի վեր կը բնորոշէր երկրին օրակարգը։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան միջոց մը առաջ ձեւականօրէն հրաժարած էր՝ որպէսզի ապահովէ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն կազմակերպուիլը։ Հայաստանի Ազգային ժողովը, ըստ սահմանադրութեամբ նախատեսուած կարգին, վերջերս երկու քուէարկութիւն կատարեց ընտրելու համար նոր վարչապետ մը։ Նիկոլ Փաշինեանէն զատ վարչապետի թեկնածու արդէն չէր առաջադրուած։ Այս պայմաններուն ներքեւ, խորհրդարանը երէկ երկրորդ՝ վերջին քուէարկութիւնը կատարեց եւ կարելի չեղաւ ընտրել վարչապետ։ Ուստի, երէկուան դրութեամբ Հայաստանի խորհրդարանը համարուեցաւ լուծարուած։ Նոյնպէս երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս հիման վրայ անմիջապէս ստորագրեց հրամանագիր մը, որով վերջնականօրէն յայտնի դարձաւ, թէ 9 դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւն։ Սահմանադրութեան 92-րդ եւ 93-րդ յօդուածներու պահանջները հիմք ընդունելով եւ հաշուի առնելով նաեւ 149-րդ յօդուածի 3-րդ մասի տրամադրութիւնները՝ Արմէն Սարգսեան ստորագրած է այդ հրամանագիրը, որ ի զօրու կը դառնայ պաշտօնապէս հրապարակման յաջորդ օրուընէ սկսեալ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի խորհրդարանէն ներս հաւանութեան չարժանացաւ Ընտրական օրէնսգիրքը բարեփոխումներու ենթարկելու ծրագիրը։ Ազգային ժողովէն ներս երէկ տեղի ունեցած քուէարկութեան արդիւնքով միայն մէկ ձայն պակաս մնաց Ընտրական օրէնսգիրքի մէջ նախատեսուած բարեփոխումներու վաւերացման համար։ Այսպէսով, երկիրը նոյն օրէնսդրութեամբ պիտի երթայ խորհրդարանական ընտրութիւններու։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2, 2018