ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԵՒ ՄՈՒՍԹԱՖԱԵՒ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՀԱՐՑԵՐ
Երէկ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու սահմանազատման ու սահմանագծման յանձնաժողովներուն տասներորդ հանդիպումը՝ գլխաւորութեամբ փոխ-վարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի։
Այս յանձնաժողովներուն կանոնագիրը վերջերս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պետական համակարգերուն մէջ վաւերացուած եւ հաստատուած են վերջնականօրէն։ Պետական ներքին ընթացակարգերու իրականացման հիման վրայ՝ երկու փոխ-վարչապետները երէկուան հանդիպման ընթացքին փոխանակեցին համապատասխան ծանուցագիրները։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին սահմանազատման աշխատանքներու ապագային շուրջ։
Երէկուան հանդիպման ընթացքին ուշադրութեան առարկայ դարձան նաեւ սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման կարգին վերաբերեալ համապատասխան ուղեցոյցներուն նախագիծերը։ Յանձնախումբերուն միջեւ փոխադարձ ըմբռնում գոյացաւ, որպէսզի աշխատանքային կարգով համաձայնեցուին յաջորդ հանդիպման վայրն ու թուականը։
Կը հաղորդուի, որ յանձնաժողովներու հանդիպման աւարտին Մհեր Գրիգորեան եւ Շահին Մուսթաֆաեւ առանձնապէս քննարկած են փոխադրական հաղորդակցութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։