ՊԱՀՊԱՆԵԼ ԱՆԴՈՐՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան՝ Քրաքովի մէջ վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս տեղի ունեցած շփումներուն կապակցութեամբ։ Եռանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Ստեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ այս յայտարարութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն յորդորեցին ամրապնդել շփման գծի յարաբերական անդորրը։ Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն միջնորդները Քրաքովի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ։ Միջնորդները մասնակցութիւն բերին նաեւ Նալպանտեան-Մամետեարով տեսակցութեան, որու յաջորդող փուլը տեղի ունեցաւ առանձնազրոյցի ձեւաչափին մէջ։

Եռանախագահներուն կողմէ այս շփումներու լոյսին տակ երէկ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Նախարարները եւ համանախագահները քննարկեցին նախորդ գագաթաժողովներուն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ համաձայնագրերու իրականացման ուղղուած յետագայ քայլերը։ Արտաքին գործոց նախարարները համաձայնեցան ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցչի գրասենեակի ընդլայնման վերաբերեալ համանախագահներու վերանայուած փաստաթուղթի սկզբունքներուն՝ հնարաւորինս շուտ այդ մէկը կեանքի կոչելու ակնկալութիւնով։

«Հանդիպումներու ընթացքին կողմերը եւ համանախագահները տեսակէտներ փոխանակեցին հիմնական զգայուն հարցերուն վերաբերեալ, որոնք կան սեղանին գտնուող աշխատանքային առաջարկներուն մէջ։ Բացի այդ, համանախագահները կոչ ըրին յառաջ մղել վստահութիւնը ամրապնդող միջոցները՝ որպէս բանակցային գործընթացի կարեւոր բաղկացուցիչ։ Նախարարները եւ համանախագահները ընդունեցին շփման գծի վրայ յարաբերական անդորրը եւ համանախագահները կոչ ուղղեցին կողմերուն ամրապնդել այս դրական միտումը»։

Քրաքովի մէջ համանախագահները նախարարներուն նկատառման յանձնեցին իրենց հետաքրքրութիւնը՝ ապագային քննարկելու համար հակամարտութենէն տուժած գօտիներէն ներս 2010 թուականի գնահատող առաքելութեան շարունակման հնարաւորութեան շուրջ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յայտնեցին յառաջիկայ Փետրուարի սկիզբին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշըր-ջան այցելելու ուղղութեամբ իրենց մտադրութիւնը։

Միւս կողմէ, Եդուարդ Նալպանտեանն ալ Քրաքովի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին շուրջ հայկական կողմի ա-կընկալութիւններուն։ «Արմէն-փրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստան պիտի շարունակէ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ ուղիներ փնտռել՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնա-խընդրին շուրջ բանակցութիւնները յառաջ մղելու նպատակով։

Նալպանտեան եռանախագահներուն շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու նախաձեռնութեան համար։ Ան ընդգծեց, որ ինչպէս միշտ, հայկական կողմը շինիչ տրամադրութիւնով մասնակցութիւն կը բերէ բոլոր հանդիպումներուն։ Նալպանտեան աւելցուց, որ Հայաստան համանախագահ երկիրներու հետ միասին պիտի շարունակէ ուղիներ փնտռել բանակցութիւններու յառաջ մղման համար անհը-րաժեշտ պայմաններու ստեղծման շուրջ։ Ըստ նախարարին, այդ ջանքերը ուղղուած պիտի ըլլան նաեւ Վիեննայի, Սեն Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի գագաթաժողովներուն ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու եւ եռանախագահներու առաջարկներու իրականացման նպատակին։ Այս բոլորը մասնաւորապէս կը վերաբերին հակամարտութեան գօտիէն ներս լարուածութեան թուլացման, 1994-1995 թուականներու եռակողմանի հրադադարի անշեղ պահպանման, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցչի գրասենեակի դիտարկման կարողութիւններու ընդլայնման, հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան դրութեան հաստատման։

Քրաքովի մէջ Եդուարդ Նալպանտեան նշեց նաեւ, որ եթէ Պաքու հետեւի համանախագահներու՝ հրադադարը խստօրէն յարգելու կոչերուն, կատարէ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, շինիչ ձեւով ներգրաւուի բանակցային գործընթացին, վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը համանախագահներու կողմէ առաջարկուած հիմնախնդրի կարգաւորման սկզբունքներուն, ապա հնարաւոր պիտի ըլլայ ճանապարհ հարթել խաղաղութեան գործընթացը յառաջ մղելու համար։ «Պաքու յաճախ կը խօսի, թէ իբր թէ շահագրգռուած է, որ կարգավիճակը փոխուի։ Ակնյայտ է, որ այդ նպատակին հասնելու գործնական ճանապարհը վերոյիշեալներու իրականացումն է։ Համանախագահները տարիներէ ի վեր կը յայտարարեն, որ իրենց կողմէ՝ փուլային իրականացմամբ ծրարային հանգուցալուծման նպատակով, առաջարկուած սկզբունքներն ու տարրերը կը հանդիսանան մէկ ամբողջութիւն եւ անոնցմէ մէկուն նախապատուութիւն տալու փորձերը անհնար պիտի դարձնեն կարգաւորումը։ Որքան շուտ Պաքու գիտակցի այս իրողութիւնը, այնքան շուտ հնարաւոր պիտի ըլլայ գործնական հունի մը մէջ դնել կարգաւորման գործընթացը», ըսաւ Նալպանտեան։

Քրաքովի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ մշակութային ժառանգութեան պահպանման մասին վերջերս Ատրպէյճանի պաշտօնեաներու կողմէ հնչող յայտարարութիւնները կրնան միայն տարակուսանք յարուցել։ Արդարեւ, Ատրպէյճանն իսկ է, որ տարիներէ ի վեր հետեւողականօրէն կ՚ոչնչացնէ հայկական յուշարձաններն ու կողթողները, միեւնոյն ժամանակ մերժելով Ջուղայի մէջ եւ այլ վայրերէ ներս միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւններու իրականացումը։

Շաբաթ, Յունուար 20, 2018