ՍԱՆ ՌԵՄՈՅԻ ՄԷՋ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՄՐՑՈՅԹ

SanremoJunior մրցոյթին այս տարի կը մասնակցի նաեւ Հայաստանը։

«Վերածնունդ» միջազգային 9-րդ մրցոյթ-փառատօնի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցող SanremoJunior (Պատանիներու Սան Ռեմօ) երգի միջազգային 9-րդ մրցոյթի Հայաստանեան ընտրական փուլին, որ տեղի կ՚ունենայ Փետրուարի 7-ին Կիւմրիի մէջ, իսկ եզրափակիչ փուլը կը կայանայ Ապրիլի 18-ին Սան Ռեմոյի մէջ, Իտալիա։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան, Մարդկային աղբիւրներու զարգացման «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամի, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի Կիւմրիի մասնաճիւղի եւ «Վերածնունդ» միջազգային մրցոյթ-փառատօնի նախաձեռնութեամբ։

Մրցոյթի ընտրական փուլին կրնան մասնակցիլ Հայաստանի, Արցախի եւ այլ երկիրներու 6-15 տարեկան հայ պատանիները՝ երեք տարիքային խումբի մէջ. 6-9 տարեկան, 10-12 տարեկան եւ 13-15 տարեկան։

Շաբաթ, Յունուար 20, 2018