ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ-ԵՐԵՒԱՆ ՈՒՂԻՂ ԹՌԻՉՔՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐՍԿՍԻՆ 2 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ ԴՐՈՒԹԵԱՄԲ

Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու վերսկսման շուրջ անհամբեր սպասման մթնոլորտին մէջ արդէն հետզհետէ կը յստականան գործնական մանրամասնութիւնները, որոնց արձագանգ կը հանդիսանայ նաեւ տեղական մամուլը։ Հաղորդակցութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը երէկ վերահաստատեց, որ որոշուած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ փոխադարձ թռիչքներու իրականացումը եւ առաջին թռիչքը նախատեսուած է յառաջիկայ փետրուարի 2-ին։ Նախարարութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ քորոնաժահրի համաճարակէն առաւել չափով ազդուած է օդագնացութեան բնագաւառը, սակայն, այդ ազդեցութիւնը նուազագոյն մակարդակի վրայ պահուած է՝ շնորհիւ աշխոյժ նախազգուշական միջոցներու։

Նոյն առթիւ յիշեցուեցաւ, որ Քաղաքացիական օդագնացութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ Թուրքիայէն «Pegasus» եւ Հայաստանէն «FlyOne Armenia» ընկերութիւններուն թոյլտուութիւն սահմանած է յիշեալ թռիչքները իրականացնելու համար։

Ըստ հրապարակուած մանրամասնութիւններուն, «Pegasus» ընկերութիւնը թռիչքները պիտի իրականացնէ «Սապիհա Կէօքչէն» օդակայանէն՝ շաբաթը երեք անգամ։ Այս ընկերութիւնը առաջին թռիչքը պիտի իրականացնէ 2 փետրուարին եւ անոր սաւառնակը ժամը 23.35-ին թռիչք պիտի առնէ դէպի Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը։ Իսկ «FlyOne Armenia» ընկերութեան թռիչքները պիտի իրականացուին Իսթանպուլի օդակայանէն։ Յառաջիկայ 2 փետրուարին այդ ընկերութեան սաւառնակը ժամը 19.50-ին վայրէջք պիտի կատարէ Իսթանպուլի օդակայանը։

Այսպէսով աւելի քան երկու տարուայ ընդհատումէ մը վերջ Իսթանպուլ-Երեւան ուղղութեան վրայ ուղիղ թռիչքները պիտի սկսին, ինչ որ ներկայ փուլին կը բիւրեղանայ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացի համայնապատկերին վրայ։

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022