ԷՐՏՈՂԱՆ ԽՕՍԵՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՄԱՍԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա այլեւս առանձինն չի կրնար դիմադրել հաւանական նոր գաղթականներու ալիքի մը։

Երէկ երեկոյեան, Չըրաղանի պալատին մէջ Պուտափեշտի գործընթացի վեցերորդ նախարարական հաւաքի մասնակիցները հիւրընկալուեցան նախագահ Էրտողանի կողմէ։ Այս առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքը ազդարարեց վեցերորդ հաւաքի մեկնարկը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ վերջին վեց տարուան ընթացքին Միջերկրականի մէջ մահացած է աւելի քան 18 հազար հոգի։ Էրտողան նշեց, որ այսօր մարդիկ աշխարհի վրայ կը գաղթեն անճար մնացած ըլլալով։ Յուսալքութիւնը զանոնք կը մղէ գաղթելու եւ սխալ է այդ մարդիկը դարձնել քաղաքականութեան առարկայ։ Նախագահը նշեց, որ գաղթը թէ՛ մարդկային եւ թէ քաղաքական խնդիր մըն է։ Անկարելի է վերջ տալ գաղթի ալիքներուն, երբ եկամուտներու անարդարութիւնը կը խորանայ։

Նախագահ Էրտողան յիշեցուց, որ Թուրքիա առաջին անգամ դէմ յանդիման չի մնար գաղթի խնդրին հետ։ Իրականութեան մէջ այս հարցի արդար հիմքի մը վրայ դրուիլը առաւելագոյն նպաստ պիտի ապահովէ արեւմտեան երկիրներուն։ Թուրքիա աշխարհագրականօրէն խաչմերուկի մը վրայ կը գտնուի եւ այս պատճառով բազմաթիւ անգամներ հիւրընկալած է գաղթականներ։

Այս ամբողջին մէջ նախագահը խօսեցաւ նաեւ հայկական հարցին շուրջ։ Իր խօսքով՝ այս պահուն Թուրքիոյ մէջ շուրջ 100 հազար հայ կը գտնուի։ «Անոնցմէ 40 հազարը մեր քաղաքացիներն են։ Մնացեալները մեր քաղաքացիները չեն, սակայն մենք զանոնք ետ չենք ուղարկեր, որովհետեւ անոնք մեր երկիրը եկած են իրենց երկրին մէջ առկայ նեղութիւններուն բերումով», ըսաւ Էրտողան ու խօսեցաւ նաեւ մասնաւորապէս Արեւմուտքի մէջ հայոց ցեղասպանութեան հարցին շուրջ կատարուած քարոզչութեան մասին։ «Մենք կ՚ըսենք, որ սա պատմաբաններու գործն է։ Եկէ՛ք, պատմաբանները այս գործը թող դնեն սեղանի վրայ ու թող լուծեն։ Մեր կեանքի ընթացքին, մեր պատմութեան ընթացքին այս ազգը երբեք ցեղասպանութիւն չէ գործած որեւէ էթնիք տարրի դէմ», ըսաւ Էրտողան։

Հաւաքոյթի ընթացքին նախագահը յիշեցուց, որ վերջին եօթ տարիներու ընթացքին ծնած սուրիացիներու թիւը հասած է 380 հազարի։ Իտլիպի համաձայնութիւնը կանխած է զանգուածային մեծ գաղթի նոր ալիք մը։ Ուստի, Էրտողան յոյս յայտնեց, թէ Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտի մը ստեղծելու ճանապարհին Թուրքիա պիտի վայելէ իր եւրոպացի բարեկամներու զօրակցութիւնը։ Արդարեւ, գաղթի կառավարելի դառնալը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։ Նախագահին խօսքով՝ գաղթականներու համար նախատեսուած օժանդակութիւններու կասեցումն ալ կը համարուի տմարդի։ «Բարձր պատերով ու փշալարերով անկարելի է կանխել գաղթը», ընդգծեց Էրտողան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019