ԽԱՉԵԼՈՒԹԵԱՆ ԴՐՈՒԱԳ

Կեսարիոյ մէջ երէկ յայտնաբերուեցաւ 13-րդ դարէ մնացած պաստառ մը, որու վրայ պատկերուած է Տէր Յիսուսի խաչելութիւնը։ «CNN Türk»ի հաղորդումներով, Կեսարիոյ մէջ ոստիկանութիւնը խուզարկումներ կատարեց առեւտուրի կեդրոնէ մը ներս եւ այդ գործողութեան ընթացքին ձեռք անցաւ սոյն պաստառը, որու արժէքը կը գնահատուի շուրջ 5 միլիոն թրքական լիրա։

Կեսարիոյ Անվտանգութեան տնօրէնութեան մաքսանենգութեան եւ կազմակերպեալ յանցագործութիւններու դէմ բաժանմունքը յայտնաբերեց այս պաստառը, որ ունի 200x140 սմ. չափեր։

Այդ պաստառը կը գտնուէր Մ.Ն.Թ.-ի ձեռքը, որ կալուածներու բնագաւառին մէջ կ՚աշխատէր։ Ոստիկանութեան գործողութիւններէն վերջ ենթական ուղարկուեցաւ դատախազութիւն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019