BREXIT-Ի ԱՌԿԱՅ ՓԱԿՈՒՂԻԻՆ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր այսօր Պրիւքսելի մէջ կը հիւրընկալէ Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյը։ Քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ BREXIT-ի գործընթացէն ներս ստեղծուած փակուղին։ Թերեզա Մէյը հիւրընկալելու ընդառաջ Եունքէր գերմանական մամուլին յայտարարեց, որ BREXIT-ի պարագային գործը մնացած է Աստուծոյ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019