ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐ ԿՈՒ ՏԱՆ ՄԵՐ ԱՐՈՒԵՍՏԱՍԷՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական աշխարհի արժէքաւոր ու հեղինակաւոր տարրերէն մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեանի նախաձեռնութեամբ այս օրերուն քաղաքիս մէջ տեղի կ՚ունենան երկու համերգներ։ Արթիւր Պաղտասարեան այս շրջանին մեր երաժշտասէրներուն համար հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ հայկական դասական երաժշտութիւնը ըմբոշխնելու թէ՛ որպէս մենակատար եւ թէ որպէս կազմակերպիչ։ Արդարեւ, այսօր եւ յառաջիկայ հինգշաբթի նախատեսուած երկու համերգները կազմակերպուած են իր ջանքերով, Հայաստանէն յայտնի արուեստագիտուհիներու մասնակցութեամբ։

Սոյն համերգներուն առթիւ, Արթիւր Պաղտասարեանի նախաձեռնութեամբ, քաղաքս ժամանած են յայտնի դաշնակահար Մարգարիտ Սարգսեան, որ միեւնոյն ժամանակ Երեւանի «Կոմիտաս» երաժշտանոցի դասախօսներէն մին է, մեներգչուհի (սոփրանօ) Տիանա Յարութիւնեան, որ Հայաստանի Պետական օփերայի մենակատարներէն մին է։ Անոնց կ՚ընկերանայ նաեւ Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօսներէն, լրագրող տոց. Վահագն Զաքարեան։

Ի դէպ, հիւր արուեստագէտները Արթիւր Պաղտասարեանի ուղեկցութեամբ երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Գումգաբու, ուր հիւրընկալուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ, որ իրենց փոխանցեց իր օրհնութիւնը։

Հայկական դասական երաժշտութեան այս երկու համերգներէն առաջինը այսօր երեկոյեան տեղի կ՚ունենայ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Երկրորդ համերգը նախատեսուած է հինգշաբթի երեկոյեան, Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ։

Արթիւր Պաղտասարեան թէ՛ իր վայելած հեղինակութեամբ եւ թէ կազմակերպչական կարողութիւններով գլուխ հանած է այս ծրագիրը՝ ապահովելով նաեւ համայնքային զանազան հաստատութիւններու աջակցութիւնը։ Սա Մեծ պահոց շրջանին, նաեւ Համաշխարհային մայրենի լեզուի օրուան զուգադիպած կարեւոր նախագիծ մըն է, որ պոլսահայ երաժշտասէրներուն առիթ կ՚ընձեռէ բարձր մակարդակի վրայ հաղորդ դառնալու համար հայկական դասական երաժշտութեան։

Մենք եւս ջերմօրէն կ՚ողջունենք հիւր արուեստագէտներուն ներկայութիւնը մեր մէջ եւ յաջողութիւն կը մաղթենք համերգներուն համար։

Երեքշաբթի, Փետրուար 20, 2024