ՅՈՅՍԻ ԱՂԲԻՒՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ հինգերորդ անգամ վերընտրուելէ վերջ առաջին այցելութիւնը տուաւ Թուրքիա։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան Ալիեւը բարձր արարողակարգով դիմաւորեց։ Երկու ղեկավարները պատուոյ պահակախումբը ողջունելէ վերջ իրարու ներկայացուցին պատուիրակութիւններու անդամները։ Անոնք նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Էրտողան եւ Ալիեւ սարքեցին նաեւ մամլոյ ասուլիս մը։

Նախագահ Էրտողան այս փուլին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւման աւարտելով տարածաշրջանէն ներս հնարաւորութիւններու պատմական պատուհան մը բացուած է։ Իր խօսքով՝ շատ կարեւոր է, որ այդ պատուհանը չփակուի։ Էրտողան համոզուած է, թէ Հայաստան պէտք է գնահատէ այս գործընթացը։ Այս կէտին վրայ նախագահը կոչ ուղղեց, որպէսզի երրորդ կողմերը դրական քայլերու ձեռնարկեն եւ չթունաւորեն Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացը։ Արդարեւ, Էրտողանի խօսքով՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը կրնայ նոր հեռանկարներ բանալ ամբողջ տարածաշրջանին առջեւ։ «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը կրնայ յոյսի աղբիւր դառնալ մեր ամբողջ տարածաշրջանին համար։ Մենք այս գործընթացէն ներս մշտապէս պիտի ըլլանք Ատրպէյճանի կողքին», վստահեցուց Էրտողան։

Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւն ալ շեշտեց, որ այսօր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միասնականութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ո՛չ միայն տարածաշրջանին, այլեւ ամբողջ Եւրոասիոյ տեսակէտէ կարեւոր գործօն մըն է։ Ալիեւ նշեց, որ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Թուրքիոյ զարգացման, ինչ որ գոհունակութիւն կը պատճառէ իրեն։ Արդարեւ, իր խօսքով՝ Թուրքիա այսօր դարձած է երկիր մը, որու խօսքը ամբողջ աշխարհի մէջ կը լսուի։ «Բազմաթիւ նիւթերու շուրջ Թուրքիա ոչ միայն տարածաշրջանին, այլեւ ամբողջ աշխարհին հետ առընչուած է», ըսաւ Ալիեւ։

Երկու ղեկավարները մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կարեւոր պատգամներ տուին նաեւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան վերաբերեալ։ Ըստ Ալիեւի, թրքական աշխարհի միացման, հասարակաց մշակոյթին տէր կանգնելու եւ ժողովուրդները համախմբելու տեսակէտէ այս կազմակերպութիւնը ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Ան յիշեցուց, որ յառաջիկայ յուլիսին այս կազմակերպութեան անպաշտօն գագաթաժողովը նախատեսուած է Շուշիի մէջ։ Ալիեւ ընդգծեց, որ այդ անպաշտօն գագաթաժողովին իր հրաւէրով պիտի մասնակցի նաեւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան նախագահը։

Անգարայի կեցութեան ընթացքին Իլհամ Ալիեւ յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Աթաթիւրքի յուշադամբանը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 20, 2024