ԱՆՈՅՇ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿՌՓԱՄԱՐՏԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Հայաստանի ներկայացուցիչ Անոյշ Գրիգորեան հանդիսացաւ Եւրոպայի կռփամարտի 18-22 տարեկան դասակարգի ախոյեան, Վլատիքաւքազի մէջ, Ռուսաստան, իր աւարտին մօտեցող ախոյենութեան ընթացքին:

51 քկ. դասակարգին մէջ, ան իր մղած 3 ռաունտնոց պայքարին մէջ յաղթեց ռուս Կելուսիա Կալիեւային:

Գրիգորեան 2014-ին Պուլկարիոյ մայրաքաղաքը՝ Սոֆիայի մէջ հանդիսացած էր աշխարհի երիտասարդական ախոյեան:

Իսկ 64 քկ. դասակարգին մէջ, Անի Յովսէփեան տիրացաւ արծաթ մետայլին՝ աւարտականին պարտութիւն մը կրելով ռուս Էքաթերինա Տիննիքէն:

Հայաստանի կազմը Վլատիքաւքազ մեկնած էր 10 կռփամարտիկով:

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2019