Ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մէջ. Սերժ Սարգսեան ստանձնեց վարչապետի պաշտօնը, Փաշինեան վճռած է շարունակել իր փողոցի պայքարը

Այս առաւօտ իր լրումին հասաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած «Քայլ արա» շարժումին 7-րդ օրը: Խօսքը անշուշտ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն մասին է, որոնց շնորհիւ ալ Փաշինեան կը պահանջէ «չեղեալ» համարել Հայաստանի Հանրապետութեան արդէն երրորդ նախագահ եւ ներկայիս վարչապետ Սերժ Սարգսեանի երկրի ղեկը ստանձնելու որոշումը:

Ի դէպ, Փաշինեան նախքան Երեւանի մէջ «Քայլ անել»ը՝ շրջած էր Հայաստանի տարբեր քաղաքներով մէկ եւ իր «մտերիմ»ներուն հետ նոյն այդ քաղաքներուն մէջ հնչեցուցած «Քայլ արա, մերժիր Սերժին» խօսքը, որ աւելի ուշ կը դառնար այս «շարժում»ին բաւական ցինիք կոչը: Այս սիւնակով ժամանակագրական կարգով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք անցնող օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերու ժամանակագրութիւնը: Վստահօրէն տակաւին առիթ պիտի ունենանք այդ զարգացումներուն մասին վերլուծական նիւթ ալ հրապարակելու:

*

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 16 ԱՊՐԻԼ 2018

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ՓԱԿԵՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՇԱՐՔ ՄԸ ՓՈՂՈՑՆԵՐԸ

Նիկոլ Փաշինեան եւ անոր մեծաթիւ հետեւորդները Երկուշաբթի առաւօտեան կանուխ ժամերուն փակած են Երեւանի շարք մը կեդրոնական փողոցները: Այս պահու դրութեամբ խումբ մը ուսանողներ եւ անոնց միացած քաղաքացիներ իրենց ինքնաշարժներով փակած են Երիտասարդական մեթրոյի գլխաւոր ճամբան, ինչպէս նաեւ Օփերայի, Բաղրամեանի եւ այլ կարեւոր փողոցներ: Յիշեցնենք, որ բողոքի այս քայլերը տեղի կ՚ունենան ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան ներկայացուցիչ Նիկոլ Փաշինեանի երկու շաբաթներ առաջ սկսած «Իմ քայլ»ը նախաձեռնութեան հետ: Բողոքարարները դէմ են, որ Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան դառնայ Հայաստանի վարչապետ, մինչ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան Գերագոյն խորհուրդի Ծաղկաձորի մէջ կայացած նիստը առաջադրած էր Սարգսեանի վարաչապետի պաշտօնին թեկնածութիւնը եւ կը սպասուի, որ ըստ սահմանադրական կարգին այդ թեկնածութիւնը քուէարկութեամբ մը հաստատուի Ազգային ժողովի սպասուած նիստին ընթացքին: Յիշեցնենք, որ բողոքի այս քայլերը տեղի կ՚ունենան ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան ներկայացուցիչ Նիկոլ Փաշինեանի երկու շաբաթներ առաջ սկսած «Իմ քայլ»ը նախաձեռնութեան հետ:

ԵՐԵՒԱՆԻ ԿՈՐԻՒՆ ՓՈՂՈՑԻՆ ՎՐԱՅ ՄԻՋԱԴԷՊ՝ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

Առաւօտեան ժամերուն միջադէպ մը եղած է Երեւանի Կորիւն փողոցին վրայ: Այս մասին լուրը կը հաղորդէ Tert.am-ը՝ նշելով, որ հաւաքուած ցուցարարները կարողացած են ճեղքել պատնէշն ու շարժուիլ դէպի Նալպանտեան-Մոսկովեան խաչմերուկ։ Կորիւն փողոցի վրայ քաղաքացիներու միջեւ տեղի ունեցած ծեծկռտուքը չէ կանխուած ոստիկաններու կողմէ: Ցուցարարներու պատնէշը ճեղքած ինքնաշարժներու վարորդներն ու ուղեւորները, որոնք մինչ այդ դուրս եկան ու յարձակեցան ուսանողներու վրայ, ոստիկաններու կողմէ չխոչընդոտուեցան: Այս մասին յայտարարած է «Իրազեկ քաղաքացի միաւորում»ի համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեան: Դիմելով ոստիկաններուն՝ ան ըսած է. «Մարդիկը կը ծեծեն, վրաերթի կ՚ենթարկեն ձեր աչքին դէմը, դուք կողքին կանգնած էք դիտորդի դերով, լրագրո՞ղ էք, թէ՞ ոստիկան: Ո՞ւր է ոստիկանութիւնը»: Իոաննիսեան ըսած է, որ ոստիկանութիւնը անգործութեան մատնուած է: «Անոր համար մենք այդքան կ՚ըսենք՝ մի՛ երթաք ընդհարման», արձագանգած է ոստիկանը: Լրագրողներու այն հարցին, թէ ինչո՞ւ թոյլ տուիք, որ ինքնաշարժը քշելով ուսանողներու վրայ՝ անցնի այդ հատուածը, ոստիկանը չէ պատասխանած, ըսած է. «Ծառայութեան մէջ եմ, ես իմ աշխատանքը կը կատարեմ»: 

ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐԸ Կ՚ՈՒՂՂՈՒԻՆ ԴԷՊԻ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿ

Ապա ցուցարարները Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցով կը շարժին դէպի Մաշտոց պողոտայ, ուրկէ պիտի հասնին դէպի Ֆրանսայի հրապարակ։ Մինչ այդ, ցուցարարները Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ՝ մուտք գործած էին Հայաստանի Պետական մանկավարժական համալսարանի շէնք: «Սիրելի հայրենակիցներ, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի յաղթանակի ժամը եկած է, քու յաղթանակի ժամը եկած է: Մենք կոչ կ՚ընենք ձեզի դուրս գալ», համալսարանին մէջ յայտարարած էր պատգամաւորը: Ցուցարարները վանկարկած են՝ «դա-սա-դուլ»: Անոնք բարձրացած են համալսարանի յարկերով եւ բոլոր յարկերուն վրայ յորդորած են, որ միանան իրենց, «տէր կանգնին իշխանութեան»:

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿՈՉ ԸՐԱՒ ԲԱՆԱԼ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՍՆԻԼ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿ

Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ՝ երթի մասնակիցները Սարեան փողոցով շարժեցան դէպի Ֆրանսայի հրապարակի հանրահաւաք: Ամբողջ երթի ընթացքին անոնք կոչ կ՚ընէին քաղաքացիներուն՝ միանալ իրենց եւ հրապարակ ուղղուիլ: «Արի՛ հրապարակ, տէ՛ր կանգնիր քո երկրին, արի՛ հրապարակ եւ տէր կանգնիր քո հայրենիքին, արի՛ հրապարակ եւ տէր կանգնիր քո ազատութեանը», կոչ կ՚ընէին երթի մասնակիցները:

Ֆրանսայի հրապարակի վրայ, ուր անոնց հանդիպած էր ոստիկանութեան պատնէշը, ցուցարարները կանգ առին: «Բոլոր այն ընկերները, որոնք խաչմերուկներ փակած են, այս պահուն թող թողնեն իրենց վայրերը եւ միանան մեզի՝ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ: Բոլորս կը մէկտեղուինք այստեղ», յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեան: Ֆրանսայի հրապարակի մէջ Նիկոլ Փաշինեան դիմելով քաղաքացիներուն՝ նշած է, որ շատ շատեր անհնար կը համարէին այս ամէնը, այս տեսարանը: «Բայց այսօր դուք ցոյց տուիք, որ Հայաստանի ժողովուրդը ազատասէր ժողովուրդ է եւ Հայաստանի ժողովուրդը յաղթող ժողովուրդ է: Մենք այսօր վերականգնեցինք մեր յաղթանակը, մեր արժանապատուութիւնը, յոյսը», ըսած է ան: 

ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՇԷՆՔԻՆ ՄՕՏ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ. ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԿԱՐԳԻ ՀՐԱՒԻՐԵԼ ԲՈՂՈՔԱՐԱՐՆԵՐԸ

Լարուած իրավիճակ կը տիրէ Երեւանի Բաղրամեան պողոտայի վրայ գտնուող Ազգային ժողովի մայր մուտքին մօտ: «Ելք» խմբակցութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան, որ իր հետեւորդներուն հետ կը գտնուէր Ֆրանսայի հրապարակը, բարձրացած են դէպի Ազգային ժողովի գլխաւոր մուտքը, ուր Փաշինեան ոստիկանութեան ներկայացուցիչին յայտնած է, որ ցուցարարները կը համարուին իր հիւրը եւ եկած են իր մօտ բարձրանալու: Ոստիկանութեան պատասխանատուներէն գնդապետ Օսիբեան Փաշինեանին յայտնած է, որ իր քայլը օրինական չէ եւ անկէ պահանջած, որ այլ մուտքով անցնի Ազգային ժողով, որմէ ետք Փաշինեան փորձած է ոստիկանութեան շղթան հատել ու ներս մըտ-նել: Այդ պահուն ալ սկիզբ առած են բախումներ:

Ըստ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի լրագրողին, Նիկոլ Փաշինեան վիրաւոր-ւած է: Իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ Ազգային ժողովի գլխաւոր մուտքին մօտակայքը:

«ՆԱՅԻՐԻ» ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԱԾ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՎՆԱՍՈՒԱԾՔՆԵՐԸ ԼՈՒՐՋ ՉԵՆ. ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԱԾ ԵՐԵՔ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐԷՆ ՄԷԿՈՒՆ ՎԻՃԱԿԸ ԾԱՆՐ Է

Նիկոլ Փաշինեանի վնասուածքները լուրջ չեն, քերծուածք են: Այժմ կը վիրակապեն, որպէսզի գնահատեն վիճակը: Այս մասին Tert.am-ին յայտնած է «Նայիրի» բժշկական կեդրոնի տնօրէն Անադոլի Գնունին: «Նայիրի» բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է նաեւ 3 ոստիկան: Անոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է, երկուքինը՝ թեթեւ: «Ծանր վիճակի մէջ գտնուող ոստիկանը բեկորային վնասուածք ստացած է՝ անօթի վնասումով: Հիմա արդէն տեղափոխուած է վիրասրահ, որպէսզի կրկին գնահատենք վէրքերուն վիճակը», ըսած է Անադոլի Գնունին:

«ՄԻԱՆԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ՉԷ ԵՂԱԾ». ՓԱՇԻՆԵԱՆ «ԵԼՔ» ԴԱՇԻՆՔԻ ՄԻՒՍ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ԻՐ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՄԻԱՆԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան դուրս եկած է «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան գրասենեակէն եւ յայտնած է, որ առայժմ քննարկում չէ իրականացուած՝ դաշինքի միւս պատգամաւորներու պայքարին միանալու առընչութեամբ: Բաղրամեան պողոտայի վրայ հաւաքուած ցուցարարները Նիկոլ Փաշինեանին առաջարկած են նախկին վայր՝ Ֆրանսայի հրապարակ տեղափոխուիլ՝ աւելի ուշ իրականացուելիք հանրահաւաքին համար: Նիկոլ Փաշինեան այս հարցով քըն-նարկում կատարած է Երեւանի փոխ-ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանի հետ։ «Քանի որ ժողովուրդը կ՚ըսէ, որ հանրահաւաքը նախկին տեղին մէջ աւելի յարմար կ՚ըլլայ, կ՚ուզեմ իմանալ, Պարո՛ն Օսիպեան, եթէ այնտեղ ընենք, կը խոստանա՞ք, որ առաջ չէք գար, կ՚երաշխաւորէ՞ք», որուն Վալերի Օսիպեան դրական պատասխան տուած է:

«Ելք» խմբակցութեան պատգամաւորներ Նիկոլ Փաշինեան, Էտմոն Մարուքեան, Մանէ Թանտիլեան, Գէորգ Գորգիսեան, Արամ Սարգսեան, Սասուն Միքայէլեան մտած են Բաղրամեան պողոտայի վը-րայ գտնուող «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան գը-րասենեակ, ուր դռնփակ քննարկումներ կատարած են: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ քննարկման ժամանակ չեն անդրադարձած «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւններու պատգամաւորներու միանալու հարցին:

ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ ՓՈԽԱԴՐՈՒԱԾ Է 46 ՔԱՂԱՔԱՑԻ

Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Երեւանի բոյժհաստատութիւններ բոյժօգնութեան համար դիմած են 46 քաղաքացիներ, որոնցմէ 6-ը ոստիկաններ են։ Քաղաքացիական անձերու մօտ հիմնականին առկայ են ստորին վերջոյթներու մակերեսային վնասուածքներ, որոնց համար ցուցաբերուած է անհրաժեշտ առաջնային բոյժօգնութիւն։ Ոստիկաններու վնասուածքները բութ եւ կտրող գործիքներով հաս-ցըւած վնասուածքներ են։ Ոստիկաններէն մէկը վիրահատման ենթարկուած է երակի կտրուածքի պատճառով։ Նախարարութիւնը յայտնած է, որ առողջապահական համակարգը կը գործէ ուժեղացուած ծառայութեան պայմաններով եւ կը տիրապետէ անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն՝ ժամանակին եւ որակեալ բոյժօգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով։ Հաղորդագրութեան պատրաստման պահուն տուժածներէն ոեւէ մէկուն կեանքին վտանգ չի սպառնար։ Արդէն Բաղրամեան պողոտայի վրայ գըտ-նըւող «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ հանրահաւաքը Ֆրանսայի հրապարակէն պիտի տեղափոխուի Բաղրամեան պողոտայ: «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւորները զիրար դիմաւորած են համբոյրով, եւ անոնց մուտքը ցուցարարները ողջունած են ծափերով: «Շուտ պէտք է գայիք, բայց էլի գոհ ենք», նշեց ցուցարարներէն մէկը: Մարուքեան Tert.am-ի թղթակցին եւ միւս լրագրողներուն յայտնած է, որ իրենք ըսած էին, թէ եթէ բռնութիւն կ՚ըլլայ՝ կու գան, անոր համար ալ եկած են, բայց կը միանան, թէ ոչ, տակաւին չեն որոշած: Փաշինեանն ալ ըսած է, թէ շատ ուրախ է, որ ընկերները այստեղ են:

Բաղրամեան պողոտայի սկզբնամասի վրայ Նիկոլ Փաշինեանը դիմաւորեցին «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւորները` Արամ Սարգսեան, Էտմոն Մարուքեան, Մանէ Թանտիլեան եւ Գէորգ Գորգիսեան։ Tert.am-ի թղթակիցը «Նայիրի» բժշկական կեդրոնէն յայտնած է, որ Նիկոլ Փաշինեանին տեսակցութեան եկած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արարատ Միրզոյեանը: Ան նշած է, որ եկած էր հիւանդանոց, քանի որ տեղեկութիւն չունէին պատգամաւորի մասին:

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼԷ ՅԵՏՈՅ ԿԸ ՄԻԱՆԱՄ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ» 

«Նայիրի» հիւանդանոցէն լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ լաւ կը զգայ եւ հիւանդանոցէն ելլելէն ետք պիտի միանայ ցուցարարներուն: Ան նշած է, որ հագուստները ու կօշիկները պատռուած են, բայց ինք պիտի երթայ Բաղրամեան պողոտայ: Նիկոլ Փաշինեանի ձեւակերպմամբ՝ ինք վնասուածքները ստացած է փշալարերու վրայէն անցնելու ժամանակ: Զիրենք հիւանդանոց բերած են ոստիկանները: «Երբ անցայ, այնպէս եղաւ, որ կտրուեցայ ցուցարարներէն: Զիս կը փորձէին քաշել այն կողմ, ես փշալարերէն բռնեցի ու պատռուածքներ ստացայ: Հիմա կարած են: Իսկ աչքիս վնասուածքը բեկորային չէ: Հարուածէ է: Կապտուկը, կ՚ենթադրեմ, ձայնային նռնակի ալիքէն է», նշած է պատգամաւորը: Ան առողջութիւն մաղթած է բոլոր վիրաւորներուն եւ նշած՝ որ հպարտ է, որ ոստիկանութիւնը չէ յաջողած ցրուել բոլորը: «Ես կը յորդորեմ բոլոր քաղաքացիներուն հեղեղել Երեւանի փողոցները», ըսած է Փաշինեան:

Ա­ԼԷՆ ՍԻ­ՄՈ­ՆԵԱՆ ԵՒ 17 ՀՈ­ԳԻ Ս. ԳՐԻ­ԳՈՐ ԼՈՒ­ՍԱ­ՒՈ­ՐԻՉ ՀԻ­ՒԱՆ­ԴԱ­ՆՈՑ ՏԵ­ՂԱ­ՓՈ­ԽՈՒԱԾ ԵՆ

«Քաղաքացիական պայմանագիր»ի անդամ Ալէն Սիմոնեան եւ եւս 17 հոգի տարբեր վնասուածքներով տեղափոխուած են մայրաքաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոցը: Ալէն Սիմոնեան (Երեւանի աւագանիի անդամ) ունի ոտքի երկու վնասուածք: «Ոտքս երկու բեկորային վնասուածք ունի, նոյնը՝ ինծի հետ հիւանդանոց տեղափոխուածները, բոլորը մէջքի, ոտքի բեկորային վնասուածքներ ունին», յայտնած է Ալէն Սիմոնեան եւ փոխանցած է, թէ առաջին բոյժօգնութիւնը ստանալէ անմիջապէս ետք պիտի միանայ ցուցարարներուն:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՓՈՂՈՑՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԱԾ Է ՓՈԽԱԴՐԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՇԱՐԺՈՒՄԸ

«Արմէնփրէս»ի տեղեկութիւններով՝ քաղաքի փողոցները՝ բացառութեամբ Պռոշեան-Բաղրամեան ճանապարհահատուածի եւ Բաղրամեան-Մոսկովեան խաչմերուկի, Ֆրանսայի հրապարակի, երթեւեկութիւնը վերականգնուած է: Իր կարգին Tert.am-ի թղթակիցը «Նայիրի» բժշկական կեդրոնէն յայտնած է, որ Անադոլի Գնունին ներկայացուցած է, թէ ինչ վնասուածքներ ստացած են չորս անձեր, որոնցմէ մէկը Նիկոլ Փաշինեանն է: Գնունիի խօսքով՝ Նիկոլ Փաշինեանի դաստակը պատռուած է, բեկորային վնասուածք չունի: Իսկ երեք ոստիկաններէն մէկը, որու վիճակը ծանր էր, բեկորային վնասուածք ստացած է, որու հետեւանքով ունի անօթի պատռուածք եւ արիւնահոսութիւն։

ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ԱՐՁԱԳԱՆԳԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

«Պի.Պի.Սի.»ի ռուսական ծառայութիւնը բաւական հանգամանալից անդրադառնալով Հայաստանի մէջ սկսած բողոքի ցոյցերուն՝ գրած է, որ Սերժ Սարգսեանը երկրորդ անգամ նախագահի պաշտօնը ստանձնած է 2013 թուականին, որմէ յետոյ Հայաստանը սկսած է անցնիլ խորհդարանական կառավարման համակարգի: «Եթէ Սարգսեանը դառնայ վարչապետ, կը շարունակէ իշխանավարել մինչեւ 2022 թուականը», ընդգծած է «Պի.Պի.Սի.»ն:

«Ֆրանսփրէս»ը, Սերժ Սարգսեանը բնորոշած է որպէս ռուսամէտ առաջնորդ եւ հաղորդած է, թէ ան կը պատրաստուի «ատամներով կառչած մնալ իշխանութեան գլուխ, այս անգամ՝ վարչապետի պաշտօնին վրայ»։ Ընդդիմութիւնը պնդած է, որ անցումը խորհրդարանական կառավարման եւ վարչապետի լիազօրութիւններու ընդլայնումը իրականութեան մէջ կատարուած էր, որ Սերժ Սարգսեանը պահպանէ իր իշխանութիւնը:

«Տոյչէ Վելլէ»ն զրուցած է Նիկոլ Փաշինեանին հետ, որ փոխանցած է. «Սերժ Սարգսեան ձեռնարկած է հնարաւոր բոլոր քայլերը սեփական իշխանութիւնը վերարտադրելու համար»: «Ան կ՚ունենայ անսահմանափակ լիազօրութիւններ, եւ այս պայմաններուն մէջ ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան, տնտեսութեան ու այլ ոլորտներէ ներս իմաստ չունի ակնկալել յառաջընթաց», գերմանական լրատուամիջոցին յայտնած է Փաշինեան:

«Ռոսբալտ» գրած է․ «Հայաստանի՝ ոչ այնքան լայն աջակցութիւն ունեցող նախկին նախագահը վաղը կը դառնայ երկրի վարչապետ: Սերժ Սարգսեանը, որուն Հայաստանի սահմանադրութիւնը թոյլ չի տար առաջադրուիլ նախագահութեան երրորդ ժամկէտի համար, ի զուր չէր շտապ կարգով փոխեց երկրի մայր օրէնքը: Չցանկանալով հեռանալ քաղաքական Օլիմպոսէն՝ ան ընդամէնը սահմանադրական բարեփոխում կատարեց եւ Հայաստանը նախագահական կառավարման համակարգէն անցաւ խորհրդարանականի»: «Մինչեւ վերջին պահը Սերժ Ազատովիչը չէր հաստատած իր վարչապետական յաւակնութիւններու մասին պնդումները: Սակայն, ոչ ոք կը հաւատար, եւ ճիշդ կ՚ընէր՝ վաղը երկրի խորհրդարանը կառավարութեան նոր ղեկավար կ՚ընտրէ այս պաշտօնին առաջադրուած միակ թեկնածուն՝ Սերժ Սարգսեանը», ընդգծած է «Ռոսբալտ»ը ու շարունակած՝ «Այսպէսով, այլեւս կասկած չի մնար, որ Սարգսեան իրեն համապատասխանեցուց Սահմանադրութիւնը: Այսուհետեւ ան կ՚իշխէ ամբողջ երկիրի վրայ: Մինչդեռ Կարէն Կարապետեանը՝ «Կազփրոմ»ի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեան, որ կը ղեկավարէր կառավարութիւնը անցնող մէկուկէս տարուան ընթացքին, կը ստանայ ամենայն հաւանականութեամբ առաջին փոխ-վարչապետի պաշտօնը՝ փաստացի դառնալով Հայաստանի վարչապետին կից Ռուսաստանի վերահսկիչը»:

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 16 ԱՊՐԻԼ 2018

ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՈՇԱԾ Է ԴԱԴՐԵՑՆԵԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱԾ ՀԱՒԱՔԸ

Հայաստանի ոստիկանութիւնը 16 Ապրիլ 2018-ին որոշում կայացուցած է դադրեցնել Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած հաւաքը եւ պահանջած է հաւաքի ղեկավարէն այդ մասին անմիջապէս տեղեկացնել հաւաքի մասնակիցներուն: Այս մասին յայտարարուած է Հայաստանի ոստիկանութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ, ուր ըսուած է.

«Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած հաւաքը 2018 թուականի Ապրիլի 13-ին իրականացուցած է Երեւան քաղաքի ճանապարհները դիտաւորութեամբ փակելու, կազմակերպութիւններու բնականոն գործունէութիւնը խոչընդոտելու, կենսական նշանակութեամբ փոխադրամիջոցային հանգոյցները շրջափակելու եւ երթեւեկութիւնը կաթուածահար ընելու, ոստիկանութեան ծառայողներու օրինական պահանջներուն չենթարկուելու, վերջիններուս նկատմամբ բռնի գործողութիւններ կատարելով զանգուածային անկարգութիւններու դրսեւորումներով: Հաւաքի կազմակերպիչները պարբերաբար կոչեր կը հնչեցնեն պատգամաւորներու մուտքը Ազգային ժողով արգիլելու եւ Ազգային ժողովի շէնքը շրջափակելու վերաբերեալ: Չնայած այն հանգամանքին, որ մարդկանց իրաւունքներու ապօրինի սահմանափակումները եւ հասարակական կարգը խախտող խմբային գործողութիւնները կրած են շարունակական բնոյթ, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը, ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 78-րդ յօդուածով նախատեսուած համաչափութեան սկզբունքով, շուրջ 3 օր սահմանափակուած է բացառապէս հաւաքի կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն բանաւոր նախազգուշացումներ տալով եւ պահանջներ ներկայացնելով, որոնք, սակայն, ամբողջութեամբ անտեսուած են հաւաքի ղեկավարի եւ մասնակիցներու կողմէ:

«Ոստիկանութիւնը հաւաքի ազատութեան իրաւունքին միջամտող այլ գործողութիւններ չէ կատարած, քանի որ հաւաքը հիմնականին կրած է խաղաղ բնոյթ: Հաւաքը որոշակի ժամանակահատուած դադարած է խաղաղ ըլլալէ, յատկապէս, երբ Ապրիլի 16-ին Նիկոլ Փաշինեանը հաւաքի մասնակիցները ուղղորդել է դէպի Բաղրամեան պողոտայ՝ փորձելով ճեղքել հասարակական կարգի պահպանութիւն իրականացնող ոստիկանական պատնէշը: Հրահրուած բախումներու արդիւնքին տեղի ունեցած են զանգուածային անկարգութիւններ, որոնց արդիւնքին վնաս պատճառուած է անձանց առողջութեան, հանրային սեփականութիւն հանդիսացող գոյքին: Հիմք ընդունելով «Հաւաքներու ազատութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետոթեան օրէնքի 33-րդ յօդուածը, Ոստիկանութիւնը 16.04.2018թ. որոշում կայացուցած է դադարեցնել հաւաքը եւ պահանջած է հաւաքի ղեկավարէն կատարել այն, այդ մասին անմիջապէս տեղեկացնել հաւաքի մասնակիցներուն: Կը պարզաբանենք, որ օրէնքի նշուած յօդուածի համաձայն՝ հաւաքի ղեկավարի բացակայութեան կամ հաւաքի ղեկավարի կողմէ ոստիկանութեան պահանջը չկատարելու դէպքերին ոստիկանութիւնը հաւաքը ցրուելու, ներառեալ՝ «Ոստիկանութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքով նախատեսուած յատուկ միջոցներ կիրառելու լիազօրութիւն ունի։ Վերոգրեալէն ելլելով՝ կը նախազգուշացնենք հաւաքի կազմակերպիչները չշարունակել անօրինական հաւաքը՝ զերծ մնալու համար հաւաքը ցուրելու միջոցներ կիրառելու ոստիկանութեան պարտականութեան կատարումէ»:

ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԵԹԷ ՆՈՅՆԻՍԿ ԶԻՍ ՁԵՐԲԱԿԱԼԵՆ, ԲԵՐՄԱՆ ԵՆԹԱՐԿԵՆ, ԿՐԿՆԱՊԱՏԿԵՑԷՔ, ԵՌԱՊԱՏԿԵՑԷՔ ՁԵՐ ՋԱՆՔԵՐԸ»

«Եթէ նոյնիսկ զիս ձերբակալեն, բերման ենթարկեն, կրկնապատկեցէք, եռապատկեցէք ձեր ջանքեը»: Այս մասին յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեան, կոչ ընելով ցուցարարաներուն չդադրեցնել փողոցները փակելու գործողութիւնները:

Ան ցուցարարներու հետ նստած է Աբովեան փողոցը, ուր բերման բերած են ուսանողները: Ցուցարարաները թոյլ չէին տար հանրակառքերուն, երթուղային թաքսիներուն անցնիլ եւ կոչ կ՚ընէին ուղեւորներուն միանալ իրենց: 

«Մեր երթը կ՚ընթանայ անկանխատեսելի երթուղիներով: Չենք ըսեր, թէ որու կ՚երթանք, ուր կ՚երթանք, ուղղակի կը քայլենք Երեւան քաղաքով»: Այս մասին Ֆրանսայի հրապարակին մէջ յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեան:

«Ոչ մէկ հրապարակի մէջ կը մնանք, կ՚երթանք տարբեր տեղեր, բայց ոչ փոքր խումբերով, որպէսզի ժողովուրդը բերման չենթարկեն: Հիմա մեր հաշուարկով 30 հոգի բերման ենթարկած են: Մեր զօրակցութիւնը բերման ենթարկուած ընկերներուն պէտք է ըլլայ՝ տասնեակ հազարանոց քաղաքացիներու մասնակցութեամբ երթը եւ ցոյցը», ըսած է ան։

ՆԻԿՈԼ ՀՐԱՊԱՐԱԿԸ ԿԱՆԳՆԱԾ ԲՈԼՈՐ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ԿՈՉ ԸՐԱԾ Է ՄԻԱՆԱԼ ԵՐԹԻՆ

Այժմ ցուցարարները Մաշտոցի պողոտայով երթով կը շարժին: Անոնք փակեցին Մաշտոցի պողոտայ-Պուշկինի փողոց խաչմերուկը:

«Ոստիկանները փակած են Աշտարակ-Երեւան միջպետական ճանապարհը, բայց այդ չի խանգարեր քաղաքացիները միանալ մեզի, անոնք քալելով կու գան Երեւան», յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեան:

Նշենք, որ անոր գլխաւորութեամբ Երեւան քաղաքի մէջ ընթացող երթը այժմ հասած է Պուշկին-Աբովեան փողոցներու խաչմերուկ: Երթի մասնակիցներու թիւը երթալով կը մեծնայ:

ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ

Սերժ Սարգսեան Հայաստանի վարչապետ ընտրուեցաւ: Ազգային ժողովի` Հայաստանի վարչապետի ընտրութեան յատուկ նիստին գրանցուած է 91 պատգամաւոր: Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեան հաստատեց, որ ժողովի օրինական մեծամասնութիւն կայ, եւ նիստը բաց յայտարարեց: Նշենք, որ յատուկ նիստին «Ծառուկեան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան չէ մասնակցած: Ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան անդամ Արտակ Զէյնալեանն ալ չէ գրանցուած:  ՀՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած թեկնածուն ներկայացուցած է ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեան: Ան նշեց, որ Սերժ Սարգսեանը անվտանգութեան երաշխաւոր է, որ իր գործունէութեան հիմքը դրած է Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապի ամրապնդումը: 

Բողոքի ցոյցերը այդ ընթացքին կը շարունակուէին, սակայն «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւորներէն «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ներկայացուցիչները կը մասնակցէին Ազգային ժողովի նիստին։

ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌՋԵՒ ԱՅՍՕՐ ՈՒՆԵՑԱԾ ԵԼՈՅԹԷՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Սերժ Սարգսեան այսօր Ազգային ժողովի դահլիճէն ներս տեղի ունեցած նիստին ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը: Ստորեւ կը ներկայացնենք Սերժ Սարգսեանի այսօրուան ելոյթէն հատուածներ:

«Մօտ շաբաթներու ընթացքին պիտի հաստատենք Հայաստանի զարգացման ռազմավարութիւնը մինչեւ 2030 թուական, ուր ներառուած պիտի ըլլան բազմաթիւ դրոյթներ նաեւ մինչեւ 2040 թուականը մեր անցնելիք ճանապարհի: Այդ ծրագիրը ներկայացնելէ ետք՝ բոլորին համար հասկնալի պիտի ըլլայ, որ մինչեւ 2040 թուականը 4 միլիոն քաղաքացի ունենալու յայտարարութիւնը ո՛չ միայն յայտարարութիւն էր, որ այստեղէն հնչէ, այլ իրատեսական էր եւ անպայման պիտի իրականացնեն: Այդ առումով կ՚ապաւինիմ նաեւ ՀՅԴ-ի աջակցութեան, որ այդ հարցով լաւագոյն օժանդակութիւնը կրնայ ապահովել»:

«Ի հարկէ, հասկնալի է, որ չենք կրնար միլիոնաւոր մարդիկը համոզել Հայաստան գալու, բայց առնուազն 100 հազարները կրնանք, որովհետեւ բոլորը չէ, որ Հայաստանէն արտագաղթելով հասած են իրենց երազանքի իրականացման եւ որոշ տնտեսական պայմաններ ապահովելու պարագային՝ անոնք գոնէ պիտի սկսին այդ ուղղութեամբ մտածել: Իսկ եթէ յաջողինք խաղաղ ճանապարհով լուծելու նաեւ մեր անվտանգութեան խնդիիրները, կը կարծեմ՝ ներգաղթը շատ էական պիտի ըլլայ»:

«Չեմ կրնար յայտարարել, որ տեսանելի ապագային այն բոլոր խնդիրները, որ կան, ի սպառ պիտի վերացուին եւ մեր երկիրը պիտի նմանի դրախտի»։

«Մեր արիւնահոսող վէրքը արտագաղթն է, որ միայն Հայաստանին չէ բնորոշ, ուղղակի մեր պարագային, քանի որ մենք քիչ ենք, ատիկա շատ ցաւոտ կ՚անդրադառնայ։ Բացի այդ, մեր ներուժը կրնայ հասնիլ այնպիսի կէտի մը, որ բաւարար չըլլայ ապահովելու նոյնիսկ մեր սահմաններու պաշտպանութիւնով։ Ասիկա կայ, ու ասիկա նաեւ ներքաղաքական ու իրական հակառակորդներու ցանկութիւնն ու նպատակադրումն է»:

«Հայաստանի ՀՆԱ-ն 2007-ի սկիզբը 2 թռիլիոն 656 միլիառ դրամ կը կազմէր, 2017 թուականի աւարտին 5 եռիլիոն 580 միլիառ դրամ։ Այսինքն մեր ՀՆԱ-ն այդ ընթացքին աճած է 2.1 անգամ: ՀՆԱ-ն ամերիկեան տոլարով եղած է 6 միլիառ 385 միլիոն տոլար, այժմ 11 միլիառ 560 միլիոն տոլար է. աճը 1.8 անգամ: Մէկ շունչին հասնող ՀՆԱ-ն եղած է 849 հազար դրամ, հիմա 1 միլիոն 873 հազար դրամ, աճը 2.2 անգամ: 2007 Յունուար 1-ին, Հայաստանի առեւտրային դրամատուներուն մէջ եղած են դրամական աւանդներ ֆիզիքական անձերու կողմէ 143.6 միլիառ դրամ, իսկ 2018 Յունուար 1-ի դրութեամբ, Հայաստանի առեւտրային դրամատուներուն մէջ այդ աւանդներու փողային քանակը կազմած է 1 եռիլիոն 553 միլիառ դրամ։ Այսինքն մեր քաղաքացիներու խնայողութիւնները 10 անգամ աւելցած են, ու որպէսզի չըսեն, որ այս երկրին մէջ միայն հարուստները դրամ կը պահեն կամ աւանդ կը դնեն դրամատուներու մէջ, նշեմ, որ այդ 1 եռիլիոն 553 միլիառ դրամի ճնշող մեծամասնութիւնը մինչեւ 7 միլիոն դրամ աւանդներն են։ 1 միլիոն Հայաստանի քաղաքացի ունի աւանդ: Ասոնք թիւեր են, որոնցմէ չենք կրնար խուսափիլ»:

«2007 Յունուար 1-ի դրութեամբ Հայաստանիի մէջ հաշուառուած էր 333 հազար ինքնաշարժ, 2018 Յունուար 1-ի դրութեամբ՝ հաշուառուած է 616 հազար ինքնաշարժ»:

ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ

Յիշեցնենք, որ օրուայ աւարտին Երեւանի Հանրապետութեան կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ մարդաշատ հաւաք մը, ուր Նիկոլ Փաշինեանի կողքին ելոյթ ունեցան ընդդիմադիր դաշտի շարք մը գործիչներ: Փաշինեան հաւաքի ընթացքին յայտարարեց, որ իրենք պիտի շարունակեն խաղաղ բոլոր միջոցներով շարունակել իրենց պայքարը:

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 18 ԱՊՐԻԼ 2018

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԵՐՄԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾ Է 66 ՀՈԳԻ

Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած հաւաքի վայրերէն Հայաստանի ոստիկանութեան բաժին 18 Ապրիլի ժամը 12:00-ի դրութեամբ բերման ենթարկուած է 66 քաղաքացի: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցած է Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապի եւ լրատուութեան վարչութիւնը: Նիկոլ Փաշինեանն ու իր խմբակիցիները կը շարունակեն երթը եւ արդէն կը հասնին Տիգրան Մեծ պողոտայ: Փաշինեան երթի ընթացքին յայտարարեց, որ Կիւմրիի մէջ իրեն սատարողները փակած են Կիւմրիի հրապարակը: Յիշեցնենք, որ բերման ենթարկուածներու թիւը աւելի ուշ բարձրացաւ, եւ ոստիկանութիւնը հարկ եղած հարցաքննութիւնները կատարելէ ետք ազատ արձակեց մեծ թիւով երիտասարդներ:

ԿԵԴՐՈՆԻ ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏԻ ՅՈՐԴՈՐԷՆ ԵՏՔ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԽՈՍՏԱՑԱՒ, ՈՐ ԱՅՍՈՒՀԵՏԵՒ ԿԸ ԾԱՆՈՒՑԷ ԵՐԹՈՒՂԻԻ ՄԱՍԻՆ

Բաղրամեան պողոտայէն երթով Ֆրանսայի հրապարակ իջնող Նիկոլ Փաշինեանը դիմաւորած է Երեւան քաղաքի վարչութեան Կեդրոնականի բաժնի պետ, ոստիկանութեան գնդապետ Արամ Յովհաննիսեան, որ բացատրած է իրեն նախապէս եղած գործողութիւններու հիմքը: Ըստ անոր՝ որոշ մարդիկ բերման ենթարկուած են զուտ երթեւեկութեան կանոններու վերականգնման հիմքով: Ի պատասխան Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ իրենք խաղաղ երթ կ՚իրականացնեն: «Հայաստանի Հանրապետութեան հաւաքներու մասին ազատութեան օրէնքի համաձայն մենք երթ կ՚ընենք», ըսած է ան: Ոստիկանը նոյնպէս մէջբերած է «Հաւաքներու ազատութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքը եւ նկատել տուած է, որ երթուղիի մասին ոստիկանութիւնը պէտք է նախապէս իրազեկուած ըլլայ: Փաշինեանն ալ հակադարձած է. «Ես մինակ եկած են այս երթին՝ 3 հոգիով եւ ոչ զանգուածային, հրապարակային կարգով սկսած երթը ինքնաբուխ կերպով վերածուած է զանգուածային երթի»: Կեդրոն համայնքի ոստիկանապետն ալ մէջբերած է «Հաւաքներու ազատութեան մասին» օրէնքի միւս յօդուածները։ «Հաւաքներու ազատութեան մասին» օրէնքի 7-րդ յօդուածի համաձայն, եթէ անձը փաստացի կը կատարէ կազմակերպիչի գործողութիւն, օրէնքի ուժով կը կրէ հաւաքի կազմակերպիչի պարտականութիւնները: Հաւաքներու ղեկավարի պարտականութիւնները սահմանուած են «Հաւաքներու ազատութեան մասին» օրէնքի 31-րդ յօդուածով: Ինչ կը վերաբերի շտապ եւ ինքնաբուխ հաւաքներուն, ապա անոնք սահմանուած են «Հաւաքներու ազատութեան մասին» օրէնքի 27-րդ յօդուածով, նոյնիսկ, եթէ շտապ հաւաքը ունի կազմակերպիչ, որու դերով այս պահուն դուք հանդէս եկած էք, ունի պարտականութիւն՝ ոստիկանութիւնը նախապէս իրազեկելու եւ երթի, երթուղիի ու ժամանակացոյցի մասին տեղեակ պահելու»:

Երթի կազմակերպիչ Փաշինեան նախ նշած է, որ ինք յայտարարած էր երթի մասին, սակայն նախապէս սահմանուած երթուղի չունի: Ի վերջոյ՝ Փաշինեան համաձայնած է ոստիկաններուն հետ եւ պայմանաւորուած ու խոստացած՝ որ յետայսու, երբ որոշեն երթուղին, տեղեակ կը պահեն ոստիկանութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեանն ու իր խմբակիցները փակած էին Բաղրամեան պողոտան եւ պահ մը շրջափակած էին Բաղրամեան 26-ը՝ վարչապետի նստավայրը:

ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ

Երեւանի Հանրապետութեան  հրապարակին վրայ երկրորդ  օրն ըլլալով Փաշինեան եւ իր համախոհները   կայացուցին հանրահաւաք մը: Հաւաքի ընթացքին խօսք առնելով Փաշինեան կոչ ըրաւ, որ գիւղերու ու քաղաքներու մէջ բնակող քաղաքացիները իրենց շրջաններու ղեկավարներու մօտ հանդէս գան «թաւշեայ յեղափոխութեան» աջակցութեան համար:

«Այս ամէն ինչը շատ կարեւոր է, բայց Հայաստանի շատ մը քաղաքացիները կը հետաքրքրէ, թէ ճշգրիտ ինչ ռազմավարութեամբ մենք կը հասնինք իշխանափոխութեան, ինչ տեղի ունենալու է: Կը հեռաձայնեն ու կը հարցնեն, թէ իրենք ինչ պէտք է ընեն՝ յանուն յաղթանակի: Ես կ՚ուզեմ գործողութիւն առաջարկել, որ կը դառնայ մեր պատկերացուցած իշխանափոխութեան կարեւոր քայլերէն մէկը:

«Կոչ կ՚ըսեմ նախ սկսինք գիւղերէ ու փոքր քաղաքներէ, կոչ կ՚ընեմ բոլոր գիւղերուն ու փոքր քաղաքներուն, որպէսզի ճնշումներ գործադրեն գիւղապետերու, վարչական շրջաններու ղեկավարներու վրայ, անոնցմէ պահանջեն հանդէս գալ «թաւշեայ յեղափոխութեան» աջակցելու մասին պաշտօնական յայտարարութիւններով: Գացէ՛ք գիւղապետարաններ, «բռնեցէ՛ք» աւագանիի անդամները, պահանջեցէ՛ք անոնցմէ, որպէսզի հանդէս գան համաժողովրդական այս շարժման աջակցելու մասին յայտարարութեամբ, որպէսզի մենք հրապարակենք ճշգրիտ յայտարարութիւններ», մանրամասնած է Նիկոլ Փաշինեան:

Ան նոյնպէս կոչ ուղղած է Սերժ Թանկեանին, Շարլ Ազնաւուրին եւ այլ հեղինակաւոր սփիւռաքահայերու, որպէսզի մասնակցին նախաձեռնութեան:

«Շնորհակալ եմ, մեր այսօրուայ միջոցառումը կ՚աւարտի, շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնք պատրաստ են գիշերել հրապարակի վրայ, առաւել եւս, պատրաստ են առաւօտեան՝ ժամը ութին, ըլլալ այստեղ: Շնորհակալութիւն եւ բարի գիշեր», յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեան եւ աւարտած երթը:

Դէպի Բաղրամեան մեկնարկած երթի մասնակիցները անցած են Բաղրամեան 26-էն, ուր կուտակուած են մեծաքանակ ոստիկաններ, եւ ինչպէս միշտ, Նիկոլ Փաշինեան կոչ ըրած է յարգանք ցուցաբերել անոնց նկատմամբ:

Ոստիկանները բոլոր կողմերէն փակած են Բաղրամեան փողոցը, ուր ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանապետի տեղակալ Լեւոն Երանոսեան: Իսկ երթի մասնակիցները կոչ ըրած են, որպէսզի միանան իրենց: «Աստուած պահապան հայ ժողովուրդին, Աստուած պահապան ոստիկաններուն, բարի ծառայութիւն», վանկարկած են ցուցարարները:

ԵՐԷԿ ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔԸ

«Ելք» դաշինքի ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան եւ իր հետեւորդները կը շարունակեն բողոքի հաւաքները:

Հանրապետութեան հրապարակի վրայ երէկ գիշեր տեղի ունեցած հանրահաւաքին յաջորդեց երթը, որու մասնակիցները քայլերթ իրականացնելէ ետք վերադարձան հրապարակ: Հաւաքի նախաձեռնող Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ ինչպէս միշտ, հանգստանալէ ետք՝ առաւօտեան կրկին պիտի սկսին ցանցային գործողութիւններու: Նիկոլ Փաշինեան խոստացած է միանալ այն խումբին, որ առաւել մեծ չափով գործողութիւն կ՚իրականացնէ:

Հանրապետութեան հրապարակի վրայ խցանում կայ, ինքնաշարժներու վարորդները ազդանշաններ արձակած են՝ այդ ձեւով յայտնելով իրենց բողոքը: Ճանապարհային ոստիկանութեան ծառայողները վարորդներուն յորդորած են դադրեցնել շրջապտոյտն ու կարգաւորել երթեւեկութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած հանրահաւաքը Հանրապետութեան հրապարակի վրայ աւարտեցաւ, որուն յաջորդեց երթը: Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ վաղ առաւօտեան կրկին մայրաքաղաքի տարբեր հատ-ւածներու մէջ պիտի մեկնարկեն բողոքի ցոյցեր, իսկ երեկոյեան 19:00-ին՝ հանրահաւաքը:

Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, թէ փողոցային պայքարի ամենահզօր օրն է այս: Սերժ Սարգսեան հրաժարած է իրեն շնորհուած առանձնատան սեփականութեան իրաւունքէն:

«Ընդամէնը երկու օր առաջ Ազգային ժողովի նիստին Սերժ Սարգսեան կը յայտարարէր՝ կրնաք շնորհաւորել զիս, ես վերջապէս Երեւանի մէջ առանձնատուն ունեցայ: Ան նկատի կ՚ունենար այն առանձնատունը՝ Հանրապետութեան թիւ մէկ առանձնատունը, որ իր իսկ դիմումի համաձայն իրեն սեփականաշնորհած էր Կարէն Կարապետեանի կառավարութիւնը, այսպէսով՝ այդ անփառունակ ձեւով հեռանալով վարչապետի պաշտօնէ», ըսած է Փաշինեան: Ան յիշեցուցած է, որ երբ քայլերթ կ՚իրականցնէին մարզերու մէջ, լրագրողներէն մէկը իրեն հարց տուած է, թէ ըստ Փաշինեանի՝ ինչ կ՚ըլլայ ապագայ կառավարութեան առաջին որոշումը: «Ես ըսի՝ առաջին որոշումը պէտք է ըլլայ Սերժ Սարգսեանի սեփականաշնորհուած այդ առանձնատունը կրկին ազգայնացնելը, որովհետեւ ան Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականութիւնն է», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ այսօր իր կառավարութեան առաջին նիստին Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, որ ինքնակամ կը հրաժարի այդ առանձնատան սեփականութեան իրաւունքէն: «Այսօր մեր փողոցային բողոքներու ամենահզօր օրը է եղած է, ամենահզօր», ըսած է Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ թաւշեայ յեղափոխութիւնը սարերու ետեւը չէ: Փաշինեան ըսած է, որ այն, ինչ տեղի կ՚ունենայ Երեւանի փողոցներու մէջ, աներեւակայելի է, ժողովրդական յեղափոխութիւնը վերածուած է ժողովրդական տօնախմբութեան, որովհետեւ մարդիկ զգացած են իրենց մօտալուտ յաղթանակը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ պատգամով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդին ներքին կեանքին վերջին օրերուն կ՚ուղեկցին բուռն ու լարուած իրադարձութիւններ՝ կապուած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի ընտրութեան հետ։ Նորին Սրբութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց ստեղծուած իրավիճակին առընչութեամբ։ Ան շեշտեց, որ խաթարուած է հանրային բնականոն կեանքի ընթացքը։ «Իւրաքանչիւր հայորդի հայրենիքի հանդէպ սիրով մղուած ունի իր տեսլականը, որու վերաբերեալ իր մօտեցումներն ու ընկալումները կրնան արտայայտուիլ օրինական միջոցներով՝ ազատօրէն քաղաքացիական իրաւունքներու իրականացմամբ։ Սակայն սա երբեք չ՚ենթադրեր սիրոյ եւ ողջմտութեան նահանջ, այլոց իրաւունքներու ոտնահարում, առաւել եւս՝ մարդկանց կեանքի վտանգում։ Մեր ժողովուրդի եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակներն են թէ՛ ցուցարարներու եւ թէ իրաւապահներու շարքերուն մէջ։ Անընդունելի եւ անթոյլատրելի են ատելութեան եւ թշնամանքի հրահրումը եւ որեւէ տեսակի ընդհարում եւ բռնութեան գործադրում», նշուած է Վեհափառ Հայրապետի պատգամին մէջ։

Սոյն պատգամի եզրափակիչ փուլին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծած է հետեւեալը. «Յորդոր կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ կոչ ընելով պահպանել զգաստութիւնն ու ողջախոհութիւնը, հայրենասիրութեան մէջ օրինայարգութիւնը եւ խաղաղութեան նախանձնախնդրութիւնը՝ ցուցաբերելով իրարու հանդէպ յարգանք եւ ներողամտութիւն։ Հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարելի են սոսկ, եթէ առկայ է համերաշխութիւն, փոխադարձ հասկացութիւն, համընդհանուր պատասխանատուութիւն եւ միասնութիւն։ Մեր երկիրը այսօր ունի պահանջը այս ոգիի դրսեւորման»։

 

Ուրբաթ, Ապրիլ 20, 2018