ՋԵՐՄ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը, որ այս օրերուն կը գտնուի Երեւանի մէջ։ Սիրալիր հիւրընկալութեան մթնոլորտի մէջ անցաւ զրոյցը, որու ընթացքին Արա Գօչունեան սրտանց շնորհաւորութիւններ յղեց Արմէն Սարգսեանին՝ Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու կապակցութեամբ։ Յաջողութիւն մաղթելով նորընտիր նախագահին՝ ան վստահութիւն յայտնեց, թէ Արմէն Սարգսեան մեծ փորձառութեամբ կը նպաստէ Հայաստանի ամրացման։

Զրոյցի տեւողութեան Արմէն Սար-գսեան եւ Արա Գօչունեան վերյիշեցին իրենց նախկին հանդիպումները։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան ջերմ ու բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ պոլսահայ համայնքի մասին։ Ան ընդգծեց մեր համայնքի ուրոյն դիրքն ու դերակատարութիւնը՝ հայ իրականութենէն ներս։ Նախագահը յիշեց նաեւ իր զրոյցները հանգստեան կոչուած պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի հետ ու ցաւ յայտնեց իր առկայ վիճակին համար։

Մինչեւ մօտաւոր անցեալը Արմէն Սարգսեան կը գլխաւորէր Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի Տաւոսի Ուժանիւթի անվտանգութեան կլոպալ խորհուրդը։ Արմէն Սարգսեան այդ խորհուրդին նախագահած շրջանին զանազան առիթներով այցելած էր Իսթանպուլ, ինչ որ իրեն հնարաւորութիւն ընձառած էր՝ տեղւոյն վրայ դիտարկել մեր համայնքը եւ կազմել տարրական պատկերացում։ Այդ նոյն այցելութիւններուն ժամանակ Արմէն Սարգսեան ծանօթութիւն հաստատած էր նաեւ զանազան թուրք գործիչներու հետ։

Զրոյցի աւարտին Արա Գօչունեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ Արմէն Սարգսեանին նուիրեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հոգելոյս հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի ստորագրած խմբագրականներէն բաղկացեալ «Օրուան մտածումներ (1908-1913)» գիրքը, որ լոյս տեսած է «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն։ Ան նախագահին յանձնեց նաեւ թերթիս զանազան համարները, որոնք լուրեր կը բովանդակէին Արմէն Սարգսեանի թեկնածութեան օրակարգի վրայ գալէն սկսեալ՝ մինչեւ պաշտօնը ստանձնած ժամանակահատուածի իրադարձութիւններուն շուրջ։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ նախագահի խորհրդական Համլեթ Գասպարեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 20, 2018