ՀԱՍՑԷԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն կող­մէ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ա­նընդ­հատ։ Վեր­ջին օ­րե­րուն դար­ձեալ տե­ղի ու­նե­ցան Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ յար­ձա­կում­ներ, ինչ որ ստեղ­ծեց լայն ար­ձա­գանգ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու մա­յրա­քա­ղաք­նե­րէն ալ հնչե­ցին գնա­հա­տա­կան­ներ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա յայ­տա­րա­րեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի շփման գծին վրայ ի­րա­վի­ճա­կի լա­րուա­ծու­թիւն սկսած է Ատր­պէյ­ճա­նի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով։ Ան այս տուեա­լը փո­խան­ցեց վկա­յա­կո­չե­լով Մոս­կուա­յի ու­նե­ցած աղ­բիւր­նե­րը։ «Ռու­սաս­տան՝ որ­պէս Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման միջ­նորդ, կը դա­տա­պար­տէ հրա­դա­դա­րի դրու­թեան խախտ­ման դէպ­քե­րը եւ կոչ կ՚ուղ­ղէ կող­մե­րուն, որ­պէս­զի անհ­րա­ժեշտ բո­լոր մի­ջոց­նե­րուն ձեռ­նար­կեն՝ հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս հե­տա­գայ լա­րուա­ծու­թեան կան­խար­գիլ­ման հա­մար», ը­սաւ Մարիա Զա­խա­րո­վա։

Բաց աս­տի, ըստ ռուս բան­բե­րին, զա­նա­զան աղ­բիւր­նե­րէ ստա­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ ներ­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ գնդա­կո­ծուած է շփման գծի միւս կող­մը գտնուող ռազ­մա­կան կա­ռոյց մը եւ այդ գնդա­կոծ­ման հա­մա­պա­տաս­խան ձե­ւով ար­ձա­գան­գած է միւս կողմ­ը։ «Այս հար­ցին շուրջ Ռուաս­տա­նի սկզբուն­քա­յին դիր­քո­րոշ­ման մա­սին ես բազ­միցս խօ­սած եմ», ը­սաւ Մարիա Զա­խա­րո­վա։

Մոս­կուա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին Զա­խա­րո­վա­յին ուղ­ղուե­ցաւ հար­ցում մը՝ նա­խա­րար­նե­րու մա­կար­դա­կով ե­ռա­կող­մա­նի նոր հան­դիպ­ման մը հա­ւա­նա­կա­նու­թեան շուրջ։ Ի պա­տաս­խան ան ը­սաւ, որ տա­կա­ւին չու­նի այս մա­սին յայ­տա­րա­րե­լու բան մը եւ ե­թէ շփում­ներ նա­խա­տե­սուին՝ ա­պա ան­պայ­ման հա­ղոր­դում­ներ պի­տի ըլ­լան այդ մա­սին։

Հա­յաս­տա­նեան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը կա­րե­ւո­րու­թեամբ ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցան Մա­րիա Զա­խա­րո­վա­յի այն խօս­քե­րուն, ըստ ո­րոնց շփման գծին վրայ հրա­դա­դա­րի խախ­տու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Սթե­ֆան Վիզ­քոն­թի (Ֆրան­սա) եւ Ռի­չըրտ Հակ­լընտ (Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ) յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կան Ար­ցա­խի շփման գծին վրայ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած լա­րուա­ծու­թեան շուրջ։ Ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը այս յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ մատ­նան­շե­ցին, որ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրթիռ մը ար­ձա­կուած է շփման գծին վրայ։ «news.am»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, միջ­նորդ­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նշուած է հե­տե­ւեա­լը.

«Ըստ բազ­մա­թիւ հա­ւաս­տի աղ­բիւր­նե­րէ հա­ւա­քուած տե­ղե­կա­տուու­թեան, Ատր­պէյ­ճան Մա­յի­սի 15-ին շփման գծին վրայ հրթիռ ար­ձա­կած է՝ ոչն­չաց­նե­լով ռազ­մա­կան սար­քա­ւո­րում։ Մա­յի­սի 16-ի ե­րե­կո­յեան եւ յա­ջորդ օ­րը հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րը պա­տաս­խա­նած են զա­նա­զան տրա­մա­չա­փի ակ­նա­նե­տա­յին կրա­կա­հեր­թե­րով։ Եր­կու կող­մե­րու նման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը հան­դի­սա­նան հրա­դա­դա­րի դրու­թեան զգա­լի խախ­տում եւ տագ­նա­պի ա­ռիթ։ Հա­կա­սա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ կան վեր­ջին հրթի­ռա­կո­ծում­նե­րու թի­րախ­նե­րու, ա­նոնց հե­տե­ւան­քով տու­ժած­նե­րու եւ յա­ռա­ջա­ցած վնա­սի մա­սին։ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­ներն ու ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը կը շա­րու­նա­կեն յա­ւե­լեալ տուեալ­ներ ու վեր­լու­ծու­թիւն­ներ հա­ւա­քել՝ առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մա­սին ա­ռա­ւել յստակ պատ­կեր մը ու­նե­նա­լու հա­մար։ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը դա­տա­պար­տեն վեր­ջին օ­րե­րու հրա­դա­դա­րի դրու­թեան խախ­տում­նե­րը ու կող­մե­րուն կոչ կ՚ուղ­ղեն, որ­պէս­զի անհ­րա­ժեշտ քայ­լե­րու ձեռ­նար­կեն՝ հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս ա­պա­գայ սրու­մէ խու­սա­փե­լու հա­մար»։

Ի՞ՆՉ Կ՚Ը­ՍԷ ՊԱ­ՊԱ­ՅԵԱՆ

Միջ­նորդ­նե­րու վե­րոյ­շեալ յայ­տա­րա­րու­թեան ան­մի­ջա­պէս ար­ձա­գան­գեց Ստե­փա­նա­կեր­տի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը։ Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հա­մո­զուած են, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու այս հաս­ցէա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը նոր ո­րակ մըն է հրա­դա­դա­րի պահ­պան­ման ջան­քե­րուն մէջ։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի բան­բե­րը՝ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան միջ­նորդ­նե­րու վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան յայտ­նեց հե­տե­ւեա­լը. «Սա շատ դրա­կան զար­գա­ցում մըն է։ Մենք միշտ ը­սած ենք՝ ժա­մա­նակն է, որ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ըլ­լան հաս­ցէա­կան եւ կոշտ։ Գու­ցէ ա­ռա­ջին ան­գամ է, որ այս­պի­սի հա­մախմ­բուած ու հաս­ցէա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կը հնչէ, բայց յստակ կը նշուի, որ Մա­յի­սի 15-ին Ատր­պէյ­ճան խախ­տած է հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը, խո­ցած է զի­նուո­րա­կան սար­քա­ւո­րում մը եւ ի պա­տաս­խան Ար­ցախ ստի­պուած դի­մած է պա­տաս­խան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու։ Սա ցոյց կու տայ, որ նոր ո­րակ կը հա­ղոր­դուի հրա­դա­դա­րի դրու­թեան պահ­պան­ման ջան­քե­րուն»։­

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան նշեց, որ ե­թէ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը հաս­ցէա­կան է, ա­պա կայ յստակ գնա­հա­տա­կան, ի­րե­րը կը կո­չուին ի­րենց ա­նուն­նե­րով, ա­պա սա ա­ռաջ­նա­յին հիմնքն է, որ­պէս­զի ատ­կէ վերջ սկսի նոր գոր­ծըն­թաց մը։ Այ­սինքն՝ հրա­դա­դա­րը խախ­տո­ղը պա­տաս­խան տայ իր ը­րած­նե­րուն հա­մար։ Ան ա­ւել­ցուց.

«ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կը խօ­սի այն մա­սին, որ բո­լո­րը շա­հագրգ­ռուած են, թէ տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս պահ­պա­նուի կա­յու­նու­թիւն, խա­ղա­ղու­թիւն։ Ա­լիե­ւի ար­կա­ծախնդ­րու­թիւ­նը, ներ­քին հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը նման վտան­գա­ւոր ձե­ւով շե­ղե­լը ա­նըն­դու­նե­լի է։ Կը կար­ծեմ, թէ այս յայ­տա­րա­րու­թեան պի­տի հե­տե­ւին հա­մա­պա­տաս­խան գոր­ծըն­թաց­ներ։ Մի գու­ցէ ա­նոնք հրա­պա­րա­կա­յին պի­տի չըլ­լան, սա պար­տա­դիր չէ։ Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի յստակ ու յա­մա­ռօ­րէն պի­տի ներ­կա­յաց­նէ իր դիր­քո­րո­շու­մը»։

ՆԱԼ­ՊԱՆ­ՏԵԱ­ՆԻ ԽՕՍ­ՔԵ­ՐԸ

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեանն ալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին անդ­րա­դար­ձաւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի Նա­խա­րա­րաց կո­մի­տէի 127-րդ ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Նի­կո­սիոյ մէջ։ Ըստ Նալ­պան­տեա­նի, Պա­քու կը շա­րու­նա­կէ կոպ­տօ­րէն խախ­տել հրա­դա­դա­րի ե­ռա­կող­մա­նի հա­մա­ձայ­նագ­րե­րը։ Ըստ ի­րեն, Ատր­պէյ­ճան կը հրա­ժա­րի ի­րա­կա­նաց­նել խա­ղաղ գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ մղե­լու մի­տուած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը, թէեւ ա­նոնց կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ընդգ­ծուած է զա­նա­զան հան­դի­պում­նե­րու ժա­մա­նակ։

Նալ­պան­տեան յի­շե­ցուց, որ 2016 թուա­կա­նի Ապ­րի­լին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րուած յար­ձա­կում­նե­րէն վերջ տե­ղի ու­նե­ցած է եր­կու գա­գա­թա­ժո­ղով ու ձեռք բե­րուած են պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­ներ՝ մի­տուած խա­ղաղ գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռաջ մղման նպա­տա­կով բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու ստեղծ­ման։ Պա­քու կը հրա­ժա­րի ի­րա­կա­նաց­նել այդ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ա­նոնց կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ընդգ­ծուած է բազ­մա­թիւ ա­ռիթ­նե­րով, նե­րա­ռեալ Հա­յաս­տա­նի, Ռու­սաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցած ե­ռա­կող­մա­նի հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին։ «Ա­ւե­լին, հա­կա­ռա­կե­լով ԵԱԿՀ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հե­տե­ւո­ղա­կան կո­չե­րուն՝ խստօ­րէն պահ­պա­նե­լու հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը, Պա­քու կը շա­րու­նա­կէ կոպ­տօ­րէն խախ­տել հրա­դա­դա­րի ե­ռա­կող­մա­նի հա­մա­ձայ­նագ­րե­րը», ա­ւել­ցուց Նալ­պան­տեան։

Շաբաթ, Մայիս 20, 2017