ՍԱՐԳՍԵԱՆ-ԱՖԷԵԱՆ ՀԵՌԱՎԱՐ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ հեռավար զրոյցներ ու քննարկումներ ծաւալել՝ աշխարհի զանազան երկիրներէ հայազգի յայտնի գործիչներու ու գործարարներու, զանազան ոլորտներու մասնագէտներու հետ, որոնք պետական կառոյցներէ կամ մասնաւոր ընկերութիւններէ ներս ընդգրկուած են քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարին՝ ներառեալ պատուաստանիւթի մշակման աշխատանքները։ Այս ծիրէն ներս, երէկ, Արմէն Սարգսեան հերթական անգամ հեռավար զրոյց մը ունեցաւ ամերիկահայ գիտնական, գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեանի հետ։

Հարկ է նշել, որ Նուպար Աֆէեան համահիմնադիրն ու ընդհանուր տնօրէնն է ամերիկեան Moderna ընկերութեան։ Այս վերջինը աշխոյժ աշխատանք կ՚իրականացնէ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթի արտադրութեան ուղղութեամբ։ Փորձարկումներու առաջին փուլի հիման վրայ արդէն ստացուած են առաջին տուեալները։ Զրոյցի ընթացքին Նուպար Աֆէեան այս մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց Արմէն Սարգսեանին։ Ան ընդգծեց, որ պատուաստանիւթի փորձարկումներու առաջին փուլը յաջողութեամբ աւարտած է։ Իր կարգին, նախագահ Սարգսեանն ալ յաջողութիւն մաղթեց Նուպար Աֆէեանի ձեռնարկներուն։ Ան շեշտեց իր ակնկալութիւնը, թէ փորձերու եւ գիտելիքի համադրութիւնը դը-րական արդիւնքներ ապահովէ։

Արմէն Սար-գսեան եւ Նուպար Աֆէեան կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Հայաստանի մէջ համաճարակի վերաբերեալ իրավիճակին եւ հետեւանքներու յաղթահարման հնարաւորութիւններուն եւ ուղիներուն շուրջ։ Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց համատեղ ուժերով իրավիճակը յաղթահարելու կարեւորութիւնը։ Արմէն Սարգսեան համոզուած է, որ միայն միասնական ջանքերով հնարաւոր է դուրս գալ այս նոր փորձութենէն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2020