ՓԱՇԻՆԵԱՆ, ՄԻՇԵԼ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ ԴԱՐՁԵԱԼ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ արդէն հերթական անգամ ժամադրուած են Պրիւքսելի մէջ։ Այս շաբաթավերջին՝ մայիսի 22-ին Շարլ Միշել դարձեալ պիտի մէկտեղէ Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը։ Մօտաւոր անցեալին այս ձեւաչափով ուրիշ հանդիպում մըն ալ տեղի ունեցած էր։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ առանձնազրոյց մը ունենայ Շարլ Միշելի հետ՝ նախատեսուած եռակողմանի հանդիպման զուգահեռ։ Շարլ Միշել Իլհամ Ալիեւի հետ ալ կ՚ունենայ առանձնազրոյց մը։

44-օրեայ պատերազմէն վերջ Փաշինեան եւ Ալիեւ կը տեսակցին կա՛մ Շարլ Միշելի կամ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ։ Ներկայ ժամադրութիւնով, ըստ երեւոյթին, սլաքը մասամբ կը սահի դէպի Պրիւքսել՝ թէեւ Մոսկուայէն ալ արդէն հաղորդուած էր եռակողմանի նոր հանդիպման մը հաւանականութեան մասին։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերով բանակցութիւններ նախատեսուած էին ներկայ շաբթուան սկիզբին Մոսկուայի մէջ, սակայն անոնք տեղի չէին ունեցած։ Այժմ այդ յետաձգումէն վերջ արդէն պաշտօնապէս յայտարարուած է Պրիւքսելի նոր ժամադրութեան մասին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ պարզաբանումներով հանդէս եկաւ Մոսկուայի բանակցութիւններու չեղարկման մասին՝ մանաւանդ, որ Ալիեւն ալ քննադատական յայտարարութիւններ ըրած էր։ «Հայկական կողմը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ համաձայնութիւններու կեանքի կոչման։ Ըստ այդմ, հայկական կողմը որեւէ հանդիպում չէ չեղարկած կամ չէ մերժած։ Երկու երկիրներու ղեկավարներու՝ Սոչիի եւ Պրիւքսելի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու շրջանակէն ներս հայկական կողմը կը շարունակէ պատրաստակամ ըլլալ յանձնաժողովներու աշխատանքներու մեկնարկը տալու համար», նշեց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան։

Իր կարգին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ երէկ յայտարարութիւններ ըրաւ՝ անդրադառնալով սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերով յանձնաժողովի Մոսկուայի նիստի տեղի չունենալու պատճառներուն։ Իր խօսքով՝ թեքնիք համաձայնութեան բացակայութիւնն է պատճառը։ Ան ըսաւ. «Բնականաբար, թեքնիք համաձայնութեան տեղի չունենալու պատճառով տակաւին այդ հանդիպումը չենք կարողացած կազմակերպել։ Հայկական կողմը կը յուսայ, թէ մօտաւոր ապագային առկայ թեքնիք հարցերը կը լուծուին ու հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ»։ Ըստ իրեն, թեքնիք հարցերը կը վերաբերին այն ընդհանուր օրակարգին, որ ձեւաւորուած է անցեալ տարի նոյեմբերին Սոչիի եւ Պրիւքսելի մէջ։ «Մենք կ՚ակնկալենք, որ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացը պէտք է ըլլայ այդ երկու յայտարարութիւններու տրամաբանութեան շրջանակին մէջ։ Կ՚ակնկալենք, որ այդ յայտարարութիւններու տրամաբանութեան շրջանակին մէջ լուծում մը գտնուի», շարունակեց ան։

Հայաստանի կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Արմէն Գրիգորեան ընդգծեց, որ հայկական կողմին համար առաջնային է Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։ Ուստի, Երեւան այս օրակարգով կ՚երթայ բանակցութիւններու։ «Առաջնային են անվտանգութիւնը եւ իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, այսինքն՝ Արցախի մէջ ապրող մեր հայրենակիցները պէտք է ունենան անվտանգութիւն եւ իրաւունքներու պաշտպանութիւն։ Եւ այդ իսկ բանէն պիտի բխի Արցախի կարգավիճակը։ Եւ մենք այս օրակարգով կ՚երթանք բանակցութիւններու», շարունակեց ան եւ ընդգծեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ առաջարկուած ծրարները պէտք է միացուին եւ այդ արդիւնքով պէտք է սկսին բանակցութիւնները։ «Մենք այս հարցը, բնականաբար, Պրիւքսելի մէջ բարձրացուցած էինք։ Մեր տեսածը այն եղաւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ կայ ընկալում, թէ մենք պէտք է յառաջ ընթանանք։ Բայց վերջին շրջանին հրապարակային յայտարարութիւններ ալ կան այս մասով։ Հայկական կողմը խաղաղութեան օրակարգի շուրջ ինչ-որ պահով ընդհանուր յայտարարի մը գալու յոյսը ունի։ Խաղաղութեան օրակարգը չի կրնար միակողմանի ըլլալ, պէտք է ըլլայ երկկողմանի։ Եւ այդ երկկողմանի տրամաբանութեան մէջ պէտք է ներառուի այդ երկու առաջարկներու ծրարները, որոնք պէտք է միացնել եւ այդ օրակարգով յառաջ ընթանալ։ Մենք սկիզբէն ալ հասկցած ենք, որ խաղաղութեան գործընթացը դժուար է ու պիտի շարունակենք աշխատիլ այս ուղղութեամբ։ Մեր օրակարգը կը շարունակէ նոյնը մնալ եւ պիտի փորձենք յառաջ շարժուիլ», աւելցուց Գրիգորեան։

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2022