ԼԸ ՊՈՒՐԺԷԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Ֆրանսայի մէջ, երէկ, այցելեց Փարիզի միջազգային օդագնացութեան ցուցահանդէսը, որ կը կազմակերպուի Լը Պուրժէի մէջ։ Տեղւոյն օդակայանի տարածքէն ներս երկու տարին անգամ մը կը կազմակերպուի այս մեծ ցուցահանդէսը, որ իր տեսակէն ներս աշխարհի խոշորագոյնն է օդատիեզերագնացութեան բնագաւառի պարագային։ Թէ՛ տարածքով եւ թէ մասնակիցներու քանակութեամբ ան աշխարհի մեծագոյնն է։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ շրջայց մը կատարեց տաղաւարներով, ծանօթացաւ այս ոլորտի համաշխարհային յառաջատար ընկերութիւններու ներկայացուցած նմոյշներուն եւ անոնց թեքնիկ հնարաւորութիւններուն։

Լը Պուրժէի մէջ ցուցադրուած են վերջին սերունդի թէ՛ ռազմական եւ թէ քաղաքացիական օդանաւեր, ինչպէս նաեւ ներկայացուած  են օդատիեզերագնացութեան ոլորտի արդի նուաճումներն ու նորարարութիւնները։ 2017-ին կազմակերպուած նախորդ ցուցահանդէսը ունեցած էր 322 հազար այցելու, աշխարհի 98 երկիրներէն ներկայ եղած էր 290 պատուիրակութիւն։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2019