ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Երեւանի մէջ եզրափակուեցաւ «Արամ Խաչատուրեան» միջազգային երաժշտական մրցոյթը, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ 15-րդ անգամ։ Այս մրցոյթին նպատակն է բացայայտել շնորհալի երաժիշտները։ Մրցոյթը կազմակերպուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ։

Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ մրցոյթի եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը։ Սարգսեան ամոլի ներկայութեամբ հանդէս եկաւ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար Սերկէյ Սմբատեանի գլխաւորութեամբ։ Կալա համերգին ժամանակ տեղի ունեցաւ նաեւ միջազգային մրցոյթի պարգեւատրման արարողութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2019