ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ՔԱՋԱԼԵՐԱՆՔ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով այսօր կը տեսակցին Ուաշինկթընի մէջ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ։ Հանդիպման ընթացքին կը քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլը։ Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն ԱՄՆ-ի տանտիրութեամբ տեղի կ՚ունենան այսօրուան բանակցութիւնները, որոնց սեմին ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կ՚անդրադառնան Հարաւային Կովկասի կացութեան։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդական Ճոն Պոլթըն յայտնեց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է աջակցիլ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան յառաջխաղացման։ Ուաշինկթընի այսօրուան հանդիպման զուգահեռ՝ Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետեարով պիտի տեսակցին նաեւ Ճոն Պոլթընի հետ։ Այս կապակցութեամբ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը ըսաւ. «Անհամբերութեամբ կը սպասեմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ շաբաթավերջի հանդիպումներուն, որպէսզի խրախուսեմ անոնց միջեւ երկխօսութեան շարունակումը», յայտնեց Ճոն Պոլթըն՝ ընկերային ցանցերու վրայ կատարած գրառումներով։

Մինչ այդ, Մնացականեան-Մամետեարով այսօրուան հանդիպման ընդառաջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Խորհրդարանէն ներս երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանն ու Արցախը պատերազմ չեն ուզեր, սակայն ոեւէ մէկը զանոնք չի կրնար վախցնել պատերազմի սպառնալիքով։ «Բանակցութիւններու շրջանակներէն ներս չկայ հանդիպում մը, որու ժամանակ չքննարկուի Արցախը բանակցային սեղան վերադարձնելու նիւթը», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Միւս կողմէ, Զօհրապ Մնացականեան երէկ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Տէյվիտ Հէյլի եւ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով արտաքին գործոց փոխ-նախարարի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիքէրի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու զրոյցներու ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2019