ՊԱՏՈՒԱՒՈՐ ԿՈՉՈՒՄ

Ամերիկահայ անուանի բժիշկ, ֆիզիքի մասնագէտ ու գիւտարար Ռէյմընտ Տամատեան վերջին օրերուն այցելեց Երեւան։ Ան բժշկական MR-ի (նիւքլէէր մանիէթիք ռեզոնանս) սարքի գիւտարարն է։ Ռէյմընտ Տամատեան Երեւանի մէջ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ մեծ պատիւներով։ Այսպէս, ան ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռէյմընտ Տամատեան անդրադարձան նոր սերունդի՝ կատարելագործուած MR-ի սարքերու հնարաւորութիւններուն։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Հայաստանի առողջապահութեան բնագաւառը այդպիսի սարքաւորումներով օժտելու կարելիութիւններուն կապակցութեամբ։ Փաշինեան եւ Տամատեան կանգ առին նաեւ գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտի զարգացման վրայ։

Բաց աստի, Ռէյմընտ Տամատեան Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանէն ներս արժանացաւ պատուակալ տոքթորի կոչման։ Ան ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ համալսարանէն ներս եւ Գիտական խորհուրդի հանդիսաւոր նիստին ժամանակ իրեն յանձնուեցաւ համապատասխան վկայականը՝ ձեռամբ համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Մուրատեանի։

Հաւաքոյթի ընթացքին Ռէյմընտ Տամատեան նշեց, որ MR-ը այսօր հնարաւորութիւն կու տայ իրականացնել աւելի արդիւնաւէտ բուժում կարճ ժամկէտներու մէջ։ Ան բժշկութեան մէջ յեղաշրջում մը կը համարուի՝ ճշգրիտ ախտորոշման տեսակէտէ։

Անսալով Ռատիոլոկներու հայկական ընկերակցութեան կոչին՝ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանը կը նախատեսէ դիմել Նոպէլեան մրցանակի կոմիտէին, որպէսզի Ռէյմընտ Տամատեան ստանայ Նոպէլեան մրցանակ թէկուզ յապաղումով MR-ի գիւտին համար։

Հարկ է նշել, որ Ռէյմընտ Տամատեան ներկայիս Հայաստան կ՚այցելէ Ռատիոլոկներու հայկական ընկերակցութեան հրաւէրով՝ հայ ռատիոլոկներու համագումարի շրջանակներէն ներս։

Տամատեան ցայսօր պարգեւատրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փորձագիտութեան  ոլորտի պետական շքանշանով, ընդգրկուած է ԱՄՆ-ի Գիւտարարներու փառքի ազգային դիւանին մէջ, նուաճած է  նաեւ Մասաչուսեցի փորձագիտական կաճառի (MIT) Լեմելսոնի մրցանակը, որ կը տրուի գիւտարարներուն։ Իր առաջին սարքաւորումը, որ կը կրէ «Անսանձելի» (Indomitable) անունը, կը պահպանուի Ուաշինկթընի Սմիթսոնեան թանգարանին մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2019