ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՀՈՎԱՆՈՑՆԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆ

Ստեփանակերտի «Նելսոն Ստեփանեան» պուրակին մէջ, նախընթաց օր կազմակերպուեցաւ հովանոցներու փառատօն:

Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ հովանոցներու փառատօն կազմակերպելու գաղափարին հեղինակ եւ նախաձեռնող Նատելլա Դանիէլեան ըսած է, որ փառատօնի ընթացքին տեղի կ՚ունենայ Awesome Foundation Artsakh / ՕՍՄ հիմնադրամ Արցախի գանձատրական աջակցութեամբ եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի անմիջական օգնութեամբ տեղադրուած գունաւոր հովանոցներու արահետի բացման հանդիսութիւնը:

«Բացի ատկէ, կը յայտարարենք «Humans of Artsakh» նախաձեռնութեան կողմէ վերջերս յայտարարուած «Իմ մեծ ընտանիքը» խորագրով մրցոյթի յաղթողներուն անունները, որոնք մեր գործընկեր «Woodpeckers Wood Toys» արցախեան արտադրանքի կողմէ կ՚արժանանան խորհրդանշական նուէրներու: Ձեռնարկը կը կայանայ Ստեփանակերտի քաղաքային մշակոյթի տան տաղանդաշատ սաներու եւ ծանօթ երգիչներու մասնակցութեամբ: Վառ գոյները եւ բարձր տրամադրութիւնը երաշխաւորուած են», նշած է Դանիէլեան:

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2019