ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱ ՊԻՏԻ ՉԵՐԹԱՅ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարեցաւ Մոսկուա մեկնելու որոշումէն՝ մասնակցելու համար Բ. Աշխարհամարտի աւարտի 75-ամեայ յոբելեանին ձօնուած մեծ զօրահանդէսին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան երէկ նամակ մը ուղարկեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին։ «Ինչպէս գիտէք, ես մեծ սիրով ընդունած էի հանդիսաւոր արարողութիւններու մասնակցելու ձեր հրաւէրը։ Սակայն, ապագային պարզուեցաւ, որ առկայ համաճարակային իրավիճակը ինձ թոյլ չի տար իրականացնել այս ուղեւորութիւնը», ըսուած է Փաշինեանի նամակին մէջ։

Բաց աստի, Փաշինեան ընդգծած է Փութինի հետ մօտալուտ հանդիպման ակնկալութիւնը, ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի տայ քննարկելու Հայաստանի եւ Ռուսաստանի դաշտակցային յարաբերութիւններու օրակարգը։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2020