ՅԱՏՈՒԿ ԹՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹ

Երէկ, Երեւանի մէջ, հանդիսաւոր արարողութիւնով մը կնքուեցաւ այն դրոշմաթուղթը, որ թողարկուած է «Արշակ Բ.» հայկական առաջին օփերայի ներկայացման 150-ամեակի յոբելեանին առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, Տիգրան Չուխաճեանի «Արշակ Բ.» հայկական օփերայի առաջին բեմադրութիւնը տեղի ունեցած էր 150 տարի առաջ։ Այս յոբելեանին առթիւ «Հայփոստ» ընկերութիւնը թողարկած է նամականիշ մը։ «Արշակ Բ. հայկական առաջին օփերայի 150-ամեակը» անուանուած այս նամականիշն ու թղթատարական բացիկը երէկ կնքուեցան հանդիսաւոր արարողութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բացիկի վրայ պատկերուած է դրուագ մը «Արշակ Բ.» առաջին օփերայի բեմադրութենէն։ Բացիկի ձախ մասին ներկայացուած է Երեւանի Օփերայի շէնքին գիշերային լուսանկարը։ 500 տպաքանակով թողարկուած է բացիկը։ Տիզայնի հեղինակն է «Հայփոստ»էն Դաւիթ Տովլաթեան։ Դրոշմաթուղթի կնքման հանդիսաւոր արարողութիւնն ալ տեղի ունեցաւ Երեւանի Օփերայի շէնքին մէջ։

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու փոխ-նախարար Արմէն Արզումանեան, Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար ու տնօրէն Կոնստանդին Օրբէլեան, «Հայփոստ»ի կառավարիչ Լիլիթ Թադէոսեան եւ Հայաստանի Ֆիլաթելիստներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան։

«Այնչափ շնորհակալ եմ բոլորին։ Այն արուեստագէտները, որոնք պատկերուած են նամականիշի վրայ, այսօր հանդէս կու գան մեր թատրոնին մէջ։ Ըստ իս, սա բացառիկ իրադարձութիւն մըն է», ըսաւ Օրբէլեան հաւաքոյթի ընթացքին։

Նամականիշի կնքման արարողութեան յաջորդեց Տիգրան Չուխաճեանի «Արշակ Բ.» օփերայի ցուցադրութիւնը՝ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Բարսեղ Թումանեանի եւ վաստակաւոր արուեստագիտուհի Անահիտ Մխիթարեանի մասնակցութեամբ։

Ուրբաթ, Յուլիս 20, 2018