ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԸ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԵՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Թիֆլիզի վերջին հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին միջազգային գետնի վրայ։ Ուաշինկթընի եւ Փարիզի ղեկավարութիւնները արդէն ողջունեցին այդ տեսակցութիւնը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Նետ Փրայս ըսաւ. «Մենք աշխոյժ դերակատարութիւն ունինք։ Միշտ ըսած ենք, որ պատրաստ ենք ներգրաւուիլ ինչպէս երկկողմանի ձեւաչափով, այնպէս ալ համախոհ գործընկերներու հետ՝ ներառեալ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ, որպէսզի երկիրներուն օգնենք տեւական ու համապարփակ խաղաղութեան համար»։

«Մենք կը շարունակենք հաւատալ, թէ երկխօսութիւնը Հարաւային Կովկասի համար խաղաղ, ժողովրդավար ու բարեկեցիկ ապագայի մը հասնելու լաւագոյն տարբերակն է ու մենք պիտի շարունակենք հնարաւոր բոլոր տարբերակներով աջակցիլ այդ բանին», աւելցուց բանբեր Նետ Փրայս։

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ տեղեկացուց, որ երկիրը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Երեւան-Պաքու ուղիղ շփումներու, որպէսզի անոնք բարենպաստ միջավայր ստեղծեն յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներէն ԱՄՆ եւ Ֆրանսա այս շրջանին տարակարծութիւններու մէջ են միւս համանախագահին՝ Ռուսաստանի հետ, ինչ որ կաթուածահար դարձուցած է միջնորդական առաքելութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2022