ԲԵԿՈՒՄՆԱՅԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Երէկ, Երեւանէն հնչեցին կարեւոր յայտարարութիւններ, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին տեսակէտէ կը համարուին անկիւնադարձային։ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ հարցազրոյց մը տուաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, խօսեցաւ հակամարտութեան տեսակէտէ բեկումնային հանգրուանի մը մասին։ Այսպէս, սեպտեմբերէն սկսեալ Հայաստանէն զօրակոչուած ժամկէտային զինուորներ պիտի չըլլան Արցախի մէջ։ Այս յայտարարութիւնները լայն արձագանգ գտան նաեւ թրքական աղբիւրներու հաղորդումներուն մէջ։ Այսպէս, մատնանշուած է, որ Հայաստան տեղեկացուցած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղէն ետ քաշուելու գործընթացը սեպտեմբերին պիտի աւարտի։

«Պատերազմի ընթացքին Հայաստանի զինեալ ուժերու շարք մը ստորաբաժանումներ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի օգնութեան հասած են։ Հրադադարի հաստատումէն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսաստանի խաղաղապահներու տեղակայումէն յետոյ, Հայաստանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու Լեռնային Ղարաբաղէն դուրսբերումը տրամաբանական է», ըսաւ Արմէն Գրիգորեան, ըստ որու սա չի նշանակեր անպաշտպան թողել Լեռնային Ղարաբաղը։ Արդարեւ, իր խօսքով, նախապէս ալ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան ապահովման գործառոյթը կ՚իրականացուէր Պաշտպանութեան բանակին կողմէ։ «Եւ այս առումով որեւէ բան չի փոխուիր՝ թէեւ պէտք է բան մը արձանագրել, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքերու տեղակայումը անվտանգութեան երաշխիք պիտի ըլլայ», շարունակեց ան։

Հարցազրոյցի ընթացքին Գրիգորեանին յիշեցուած էին նաեւ Փառուխի դէպքերը, որոնք ապացուցանած են, թէ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը հարիւր տոկոսով երաշխիք մը չի համարուիր։ Այս կապակցութեամբ Գրիգորեան ըսած է հետեւեալը. «Փառուխի դէպքերը կոպիտ խախտում են հրադադարի յայտարարութեան եւ կիրառելի միջազգային իրաւունքին։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները ներխուժեցին Լեռնային Ղարաբաղէ ներս Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերու պատասխանատուութեան գօտի։ Ռուսաստանը մեզ հաւաստիացուց, թէ Ատրպէյճանի ներխուժած ուժերը պէտք է դուրս գան այնտեղէն։ Մենք յոյս ունինք, թէ Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերը կ՚ապահովեն ապօրինի ներխուժած Ատրպէյճանի ստորաբաժանումներու դուրսբերումը Լեռնային Ղարաբաղի՝ Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերու պատասխանատուութեան գօտիէն։ Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերու ներկայութիւնը ինքնին կը վկայէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար իսկական գոյաբանական վտանգի առկայութեան հանգամանքի ընդունումը Ռուսաստանի կողմէ եւ խաղաղապահ ուժերը առանցքային նշանակութիւն ունին Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութեան երաշխաւորման գործին մէջ»։

Հարցազրոյցի տեւողութեան Արմէն Գրիգորեան յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը այնտեղ եղած է ու կը շարունակէ մնալ։ «Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններէն մեզի հասած տեղեկութիւններով՝ Լեռնային Ղարաբաղի զօրակոչիկները, ինչպէս նախապէս, պիտի զօրակոչուին Պաշտպանութեան բանակի մէջ ծառայելու։ Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններէն մեր ստացած տեղեկութիւններուն, ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ հիմա Պաշտպանութեան բանակին մէջ պիտի ծառայեն նաեւ պայմանագրայիններ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Հայաստանէն պայմանագրայիններ պիտի չզօրակոչուին Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակին համար։ Ըստ անհրաժեշտութեան, Լեռնային Ղարաբաղ տեղւոյն վրայ պիտի կազմակերպէ պայմանագրային զինուորներու ներգրաւում։

Հարկ է յիշեցնել, որ վերջին օրերուն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շատ խիստ արտայայտութիւններ ըրած էր հայկական զինեալ ուժերու Արցախէն տակաւին դուրս բերուած չըլլալուն բերումով՝ աւելցնելով, թէ այս ուղղութեամբ Երեւան չի յարգեր իր խոստումները, իսկ Մոսկուա չի պարտադրեր։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2022