ԹԵՀՐԱՆԻ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ ԷՐ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ

Թեհրանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եռակողմանի գագաթաժողովը, որու մասնակից ղեկավարները ունեցան նաեւ երկկողմանի շփումներ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, գագաթաժողովի մասնակից ղեկավարներու օրակարգին վրայ գտնուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Ըստ Քրեմլինի աղբիւրներուն, Էրտողանի հետ տեսակցութեան ընթացքին Փութին յայտնած է, որ իրենց տեսադաշտին մէջ կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը։ Ան յիշեցուցած է, որ Կասպից ծովու եզերակից երկիրներու ղեկավարներու գագաթաժողովի ծիրէն ներս վերջերս հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ըստ Թեհրանէ հասած լուրերուն, Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Այէթուլլահ Ալի Խամանէյն ալ հիւրընկալած է նախագահ Էրտողանը։ Ան այս առթիւ յայտնած է, որ Իրան դէմ կ՚ըլլայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ իր եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի արգելափակման քաղաքականութեան։ Արդարեւ, իր խօսքով, այդ սահմանը հազարամեակներու վաղեմութեամբ հաղորդակցութեան ճանապարհ մըն է։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2022