ԺՈԶԷՖ ՊՈՐԵԼ ԵՒ ԵԷՆՍ ՍԹՈԼԹԵՆՊԵՐԿ ԵՐԷԿ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑԻՆ ՊԱՅՐԱՄՈՎԸ

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այսօր Պրիւքսելի մէջ կը մասնակցի Եւրոմիութիւն-Ատրպէյճան Համագործակցութեան խորհուրդի ժողովին։ Նախօրէին ան ունեցաւ շարք մը բարձր մակարդակի հանդիպումներ։ Երէկ, ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել ընդունեց Ճէյհուն Պայրամովը, որ օրուան տեւողութեան տեսակցեցաւ նաեւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։

Այս առթիւ Ժոզէֆ Պորել ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց գրառում մը, որով կարեւորեց Պայրամովի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի նախօրէին Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը՝ զայն համարելով կարեւոր քայլ մը դէպի համապարփակ կարգաւորում։

Դաշինքի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Եէնս Սթոլթենպերկի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը տեղի ունեցած է դռնփակ։ Պայրամով եւ Սթոլթենպերկ կարծիքի փոխանակումներ ունեցած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս յառաջ տարուած զանազան ուղղութիւններուն շուրջ՝ ներառեալ Պաքուի կողմէ առնուած քայլերը։

Ըստ Պաքուի աղբիւրներուն, Սթոլթենպերկն ալ նշած է, որ Ատրպէյճան ՆԱԹՕ-ի հեղինակաւոր գործընկերներէն է։ Ան գոհունակութեամբ մատնանշած է Եւրոպայի ուժանիւթի անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ Պաքուի դերակատարութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2022