ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. « ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՌԱՒԵԼԱՊԱՇՏ ՀՌԵՏՈՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽԱԹԱՐԷ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ՋԱՆՔԵՐԸ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դէպի Վարշաւիա պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ մէկտեղուեցաւ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիեւ Ռաուի հետ։ Նախարարը ընդունուեցաւ նաեւ այդ երկրի ղեկավարութենէն յառաջատար այլ դէմքերու կողմէ։ Լեհաստան ներկայիս ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիրն է։

Միրզոյեան Վարշաւիոյ մէջ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի առաւելապաշտ հռետորաբանութիւնը կը խաթարէ խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ Հայաստանի ջանքերը։ Ան իր պաշտօնակցին հետ անդրադարձաւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցերուն։ Միրզոյեան ընդգծեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան առանցքային դերը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ։ Միրզոյեան ըսաւ. «Հայաստանի ու տարածաշրջանի համար խաղաղ զարգացման դարաշրջան մը բանալը մեր սկզբունքն ու ռազմավարութիւնն է։ Կը յուսանք, թէ ԵԱՀԿ-ը, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի կառոյցին հետ, պիտի օգտագործէ իր միջոցներու դրութիւնները՝ շինիչ մթնոլորտի ապահովման եւ համապարփակ խաղաղութեան համար պայմաններ ստեղծելու նպատակով»։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2022