ՆՈՐ ԵՐԳ, ՆՈՐ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտութեան համակրելի աստղերէն Սիպիլ ներկայիս նոր ծրագիրով մը կը ներկայանայ իր համակիրներուն։ Այսպէս, թուային հարթակներու վրայ արդէն շրջանառութեան մէջ մտած է «Լուսի հատիկ» երգը, որ իսկապէս ինքնուրոյն ստեղծագործութիւն մըն է եւ որու կատարումը այնքան յաջողութեամբ կ՚իրագործուի Սիպիլի եւ Այշէնուր Քոլիվարի կողմէ։ Նոր երգ մըն է այս մէկը, որ կ՚առթէ նոր ու խոր զգացումներ։ Յօրինումի հեղինակն է Արի Հերկել։

«Լուսի հատիկ»ը ունի հիմնական առանձնայատկութիւն մը։ Այնտեղ համադրուած են արեւմտահայերէնն ու Համշէնի բարբառը։ Իսկապէս յաջողութեամբ միահիւսուած լեզուական նրբերանգները տարբեր խորութիւն մը կը վերագրեն այս երգին։ Սիպիլ արդէն ծանօթ է արեւմտահայերէն երգերու կատարումներու վարպետութեամբ։ Այշէնուր Քոլիվար երկար տարիներէ ի վեր կ՚ուսումնասիրէ Սեւ ծովու արեւելեան շրջաններու երաժշտութիւնը։ Անոնց միասնութիւնը զգացումներու տարափի մը կ՚առաջնորդէ բոլոր ունկնդիրները։

Այս երգի արեւմտահայերէն բաժնի խօսքերը հեղինակած է լիբանանահայ բանաստեղծ Աշոտ Բագրատունի։ Համշէնի բարբառով խօսքերուն ալ հեղինակն է գրող Մահիր Էօզքան՝ Համշէնէն։

Երկու մեներգչուհիները միասնաբար «յոյսի ձայն»ը կը փոխանցեն «Լուսի հատիկ»ով, որ ներկայիս գարնանային տրամադրութիւն կը խառնէ Վարդավառի տօնական շրջանի խանդավառութեան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2022