ԱՆԿԵԼԱ ՄԵՐՔԷԼ ԵՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀՐԱՏԱՊ ՀԱՐՑԵՐԸ

Գերմանիոյ վարչապետ Ալկելա Մերքէլ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հանդիպում մը, որու ընթացքին քննարկեցին միջազգային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Անկելա Մերքէլ Վլատիմիր Փութինը հիւրընկալեց Պերլինի մերձակայքի Մասեպերկի պալատին մէջ, որ գերմանական կառավարութեան հիւրատունն է։Հանդիպումէն առաջ Անկելա Մերքէլ յայտնեց, որ Փութինի հետ մօտաւոր անցեալին Սոչիի մէջ ունեցած էր հանդիպում մը եւ աշխարհի առկայ լուրջ հակամարտութիւններուն լուծում գտնելու առումով այս երկխօսութիւնը պէտք է տեւականացուի։ Ըստ միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներուն, Մերքէլ-Փութին զրոյցի ընթացքին Սուրիոյ ներքին պատերազմը օրակարգի վրայ եկաւ առաջնահերթօրէն։ Երկու ղեկավարները կարեւորեցին Իտլիպի եւ շրջակայքին մարդկային նոր աղէտ մը կանխելու անհրաժետութիւնը։ Ըստ Անկելա Մերքէլի, Սուրիոյ մէջ բախումները թէեւ որոշ չափով նուազած են, սակայն սա չի նշանակեր, որ խաղաղութիւնը ապահովուած է։ Գերմանացի ղեկավարը այս առումով զօրակցութիւն յայտնեց նաեւ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ գծով յատուկ ներկայացուցիչ Սթեֆան տէ Միսթուրայի ջանքերուն։

Մերքէլ-Փութին զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Իրանի խնդրին։ Ըստ գերմանացի ղեկավարին, Պերլինի ղեկավարութիւնը կողմնակից է Իրանի հետ կնքուած միջուկային համաձայնութեան շարունակութեան։ Բայց եւ այնպէս, Իրանի գործունէութիւնները մտահոգութեան տեղի  կու տան՝ մասնաւորապէս Եմէնի պալիսթիք հրթիռներու ծրագրին եւ Սուրիոյ ճգնաժամին մէջ կատարած դերակատարութեան տեսակէտէ։ Մերքէլ եւ Փութին կանգ առին նաեւ Ուքրայնոյ հակամարտութեան վրայ։ Երկու ղեկավարները մատնանշեցին, որ այս խնդիրը պէտք է լուծուի Մինսքի համաձայնութեան հիման վրայ։ Արդարեւ, Ուքրայնոյ արեւելքին տակաւին ամուր հրադադար մը հաստատել կարելի չէ եղած։ Մերքէլ շեշտեց, որ դպրոցական վերամուտին զուգահեռ այս ուղղութեամբ նոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս պիտի գայ։ Շաբաթավերջի հանդիպման ընթացքին ՄԱԿ-ի հաւանական դերակատարութեան ալ անդրադարձան երկու ղեկավարները։ Մերքէլ ընդգծեց, որ Գերմանիա պատասխանատուութիւն ստանձնելու պատրաստակամ է Նորմանտական ձեւաչափի ծիրէն ներս։

Ուքրայնոյ վրայով տարանցիկ բնական կազի փոխադրութեան խնդիրներն ալ օրակարգի վրայ եկան Մերքէլ-Փութին զրոյցի ընթացքին։ Ըստ գերմանացի վարչապետին, Պերլին եւ Մոսկուա աշխարհի իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ ունին պատասխանատուութիւններ։ Բայց եւ այնպէս, Ռուսաստանի պատասխանատուութիւնը տարբեր մակարդակի մը վրայ է, որովհետեւ ան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամներէն մին է։

Խօսելով Մերձաւոր Արեւելքի կացութեան մասին՝ Վլատիմիր Փութին ըսաւ. «Կարեւորը Սուրիոյ համար մարդասիրական օժանդակութեան ընդլայնումն է։ Մանաւանդ Սուրիոյ ժողովուրդին համար մարդասիրական օժանդակութիւնը», ըսաւ Փութին։ Բաց աստի, ռուս ղեկավարը աւելցուց, որ Եւրոպայի առընթեր Թուրքիոյ, Յորդանանի եւ Լիբանանի մէջ գտնուող գաղթականներն ալ պէտք է կարողանան վերադառնալ Սուրիա։ Ըստ Փութինի, վերադարձողներուն համար հիմնական ենթակառուցուածքներու ծառայութիւնները պէտք է աւարտած ըլլան։ Վլատիմիր Փութին յայտնեց նաեւ, որ Ուքրայնոյ խնդրին պարագային զարգացում մը արձանագրել հնարաւոր չէ եղած։ Ռուս ղեկավարի խօսքերով՝ Մինսքի համաձայնութիւնը այլընտրանք մը չունի, հետեւաբար այս նիւթին շուրջ քննարկումները պիտի շարունակուին։

Մինչ Մերքէլ-Փութին զրոյցի ընթացքին Սուրիոյ հիմնախնդիրը մանրամասն քննարկման ենթարկուեցաւ, զրոյցի տեւողութեան օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ յառաջիկայ 7 սեպտեմբերին Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած քառակողմանի գագաթաժողովը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Իսթանպուլի մէջ Սուրիոյ ճգնաժամը քննարկելու համար գագաթաժողովի մը հրաւիրած է Վլատիմիր Փութինը, Անկելա Մերքէլը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնը։

Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ շաբաթավերջի Պերլինի զրոյցիՆ ընթացքին քննարկուած է այսպիսի քառեակի մը ձեւաչափը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 20, 2018