ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ

Վարդան Օզինեան իր կեանքը կը համարէր համալսարանէ համալսարան վազվզուքի մը ժամանակաշրջանը։ Շատ դժուար է իր պարագային ներկայացնել ամբողջական կենսագրութիւն մը։ «Դժուար բան մըն է սա կենսագրութիւն ըսուածը. այսինքն պատմել կեանք մը թուղթի վրայ, երբ մասնաւորաբար ցուցափեղկ յարդարելու նման մարդ պարտի ինքն իր բարեմասնութիւնները շարել»։ Իր վկայութիւններն են՝ ձեռագրով… Յամենայնդէպս, երբ հրաժեշտ կու տանք Փրոֆ. Վարդան Օզինեանին, կ՚արժէ այս պայծառատես մտաւորականի կողմէ լիուլի արժեւորուած ինն տասնամեակին վրայ հպանցիկ ակնարկ մը նետել։

Վարդան Հայկազն Օզինեան ծնած էր 1930 թուականի դեկտեմբերին Գումգաբուի մէջ, Իսթանպուլ։ Պարտիզակցի ծնողի մը որդին էր։ Հայրը՝ Պետրոս, մայրը՝ Հայկանոյշ բախտաւորուած էին երկու զաւակով, որոնցմէ առաջինն էր իր քոյրը՝ Մարին (Գարագաշեան), իսկ ինքը ընտանիքի երկրորդ զաւակն էր։ Յաճախած էր Ինճիրտիպիի Աւետարանականներու նախակրթարանը, մինչ փոքր տարիքին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կը հագուէր դպրական շապիկ։ Նախակրթարանէն վերջ անցած էր Կեդրոնական եւ յետոյ արդէն՝ համալսարանէ համալսարան։ Կեդրոնականը աւարտած տարին՝ 1950-ին մաս կազմած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին՝ որպէս լրագրող ու վարչային քարտուղար։ Ամբողջ եօթանասուն տարի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին հետ պահած էր ամուր կապ մը։ Կ՚աշխատակցէր ընկերային ու մշակութային նիւթերու մասին արտայայտուելով։

Վարդան Օզինեան մասնագիտացած էր բազմակողմանի ուղղութիւններով։ Հետեւած էր բնագիտութեան, ուսողութեան, ճարտարագիտութեան, տնտեսագիտութեան եւ քաղաքական գիտութիւններու ճիւղերուն։ Իսթանպուլի համալսարանը ուսանած տարիներուն միջոց մը հետեւած էր նաեւ այդ շրջանի Լրագրութեան բարձրագոյն վարժարանի դասընթացքներուն։ Իսթանպուլէն դուրս գալէ վերջ իր առաջին կանգառը եղած էր Պալը, Զուիցերիա։ Աւելի վերջ մեկնած էր Փարիզ, ուր ուսումը շարունակած էր Սորպոնի մէջ։ Միջոց մը ուսման մեկնած էր նաեւ Լոնտոն, ուսումնասիրութիւններ ըրած էր նաեւ Սթոքհոլմի մէջ՝ Շուէտի Փորձագիտութիւններու արքունի կաճառէն ներս։ Փարիզի Քաղաքագիտութեան կաճառէն (IEP) ներս տնտեսութեան ու ելմտագիտութեան վրայ աշխատանք տարած էր։ Նոյնպէս Փարիզի Արեւելեան կենդանի լեզուներու ազգային դպրոցէն ներս մասնագիտական աշխատանք տարած էր լեզուներու եւ լեզուագիտութեան վրայ։ Ընդհանուր առմամբ ունէր երեք տոքթորայի աստիճան։ Այդ տոքթորականներէն մին 1978 թուականին առած էր Սորպոնէն՝ պաշտպանելով թեզ մը լեզուներու, հաղորդակցութեան եւ քաղաքակրթութիւններու յարաբերութիւններուն շուրջ։ Այդ թեզի ուսումնասիրական աշխատանքները 1969-1973 թուականներուն տարած էր նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ Հարուըրտի համալսարանէն եւ MIT-էն ներս։ Բարձրագոյն ուսումին եւ հետազօտութիւններուն զուգահեռ որոշ շրջաններ աշխատած էր նաեւ որպէս ճարտարագէտ։ Փարիզի մէջ, INALCO-է ներս հետազօտութիւններ ըրած էր հայկական մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան մասին։ Նոյն հաստատութենէն ներս երկար տարիներ սիրայօժար վարած էր հայկական ամպիոնը։ Հայոց մշակոյթի հետազօտութեան եւ դասընթացքներու պատասխանատու եղած շրջանին հասցուցած էր բազմաթիւ սաներ եւ գործակցած՝ ֆրանսացի կամ օտար հայագէտներու հետ։ Յաջորդող տարիներուն դասախօսած էր Փարիզի, Նիու Տելհիի եւ Գահիրէի համալսարաններուն մէջ։ Իր ամբողջ ուսումը կատարած էր առանց որեւէ կրթաթոշակի՝ միշտ աշխատելով յարակից գործերու մէջ։ Տասն տարի ալ պաշտօնավարած էր ճարտարարուեստի կալուածին մէջ՝ որպէս ճարտարագէտ նախանիւթերու։ Իր դասախօսութիւններու նիւթերու շարքին էին ելմտական համակարգութիւնները, քաղաքակրթութեան պատմութիւնը եւ այլ զանազան նիւթեր։ Ի լրումն այս բոլորին խորացած էր մանկավարժութեան մէջ։

Վարդան Օզինեան աշխարհի 120 պետութիւններու կրթական եւ ընկերատնտեսական ծրագրային աշխատութիւններուն մասնակցած էր՝ ՄԱԿ-ի խորհրդատուի հանգամանքով։ Ընդհանրապէս ՄԱԿ-է ներս ստանձնած էր պատասխանատու պաշտօններ՝ ըլլալով մարդուժի զարգացման եւ էքոնոմեթրիի խորհրդական։ Համաշխարհային գերագոյն կազմակերպութեան մէջ բարձրացած էր աւագ խորհրդատուի դիրքին։ ՄԱԿ-ի զուգահեռ ԻՒՆԷՍՔՕ-էն ներս ալ ստանձնած էր լուրջ պատասխանատուութիւններ։ Միջազգային յարաբերութիւններու հմուտ խորհրդական մըն էր։

Մամուլի աշխատակցութիւնը միշտ կարեւոր բաժին մը ունեցած էր իր կեանքին մէջ։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին աշխատակցելու առընթեր միջոց մը եղած էր «Կավռօշ»ի պատասխանատու տնօրէնը։ Եղած էր նաեւ խմբագրապետը՝ Փարիզի համալսարանական ծրագրաւորողներու պարբերաթերթին։

1987 թուականին հիմնուած GAMMA կաճառներու համաշխարհային ցանցի ընդհանուր տնօրէնն էր։ 2000 թուականէն սկսեալ անդամակցած էր «Փրօէտիւքասիօ» շարժման եւ բանբերն էր անոր հայկական թեւին՝ «Կրթասէր»ի։

Ունէր բազում մասնագիտական հրատարակութիւններ։ Միջազգային հաւաքոյթներու ընթացքին կը ներկայացնէր զեկուցումներ։ Ինչպէս ակադեմական, այնպէս ալ դիւանագիտական ու պետական շրջանակներու մէջ ունէր բարձր վարկ, կը վայելէր հեղինակութիւն։

1990-ական թուականներու սկիզբին լուրջ աշխատանք տարած էր Հայաստանի համար։ Հայոց նորանկախ պետականութեան սկզբնական փուլի մարտահրաւէրներու յաղթահարման նպատակով շարժման անցուցած էր բոլոր կարելիութիւնները։ Երբ Փարիզի մէջ տակաւին չէր հիմնադրուած հայկական դեսպանատունը, Վարդան Օզինեան դիւանագէտներուն հետ գործակցելով փորձած էր սեփական հնարաւորութիւնները ի գործ դնելով հնարաւորինս լրացնել այդ բացը։ Փորձած էր աշխարհի զանազան երկիրներէ պետական գործիչներ համախմբել՝ Հայաստանի ընկերատնտեսական խնդիրներուն լուծումներ ապահովելու համար։

Երկար տարիներ եղած էր Փարիզի Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան նախագահը եւ այդ դիրքին վրայ էր մինչեւ իր մահը։

Իր կորուստով կը հանգչի համալսարանէ համասլարան վազելով յոգնած իր մարմինը։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի. ամէն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2019