Աշխարհի Ամենահաստաբուն Ծառը

Աշխարհի ամենահաստ բունով ծառը ունի 42 մեթր շրջագիծ։ 2000-ամեայ ծառը տակաւին կը շարունակէ աճիլ։ Այսպէս, Մեքսիկայի Սանթա Մարիա տել Թուլէ քաղաքին մէջ աճող զարմանահրաշ ծառը, որուն կ՚անդրադառնայ «Oddity Central»ը եւ որ յայտնի է որպէս աշխարհի ամենահաստաբուն ծառը:

2000-ամեայ «Montezuma» տեսակի նոճին կ՚աճի տեղւոյն եկեղեցւոյ բակին մէջ: Ծառի բունը ամբողջութեամբ գրկելու համար երեսուն մարդ պէտք է ձեռքերը տարածած կանգնի կողք-կողքի: Անոր շրջագիծը կը կազմէ 42 մեթր, որ անհաւանական մեծութիւն է ծառի մը համար:

Իրականին մէջ, նախկինին գիտնականները կ՚ենթադրէին, որ ան ձեւաւորուած է երկու առանձին ծառի միաձուլման արդիւնքով, սակայն «DNA»ի ուսումնասիրութիւնը պարզած է, որ ան ամբողջովին մէկ ծառ է: Հանրայայտ ծառը նաեւ բաւականին բարձր է, որու կողքին գտնուող մօտակայ եկեղեցին թզուկ կ՚երեւի: Եւ հակառակ հազարամեակներու հնութեան՝ ան դեռ կը շարունակէ աճիլ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 20, 2021