ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու երէկուան օրը յատկացուցած էր Իշխանաց կղզիներուն։ Ան օրուան տեւողութեան մի առ մի այցելեց բոլոր կղզիները, ընկերակցութեամբ կղզեաց քաղաքապետ Էրտէմ Կիւլի։ Էքրէմ Իմամօղլու եւ ընկերակիցները այս ամբողջին մէջ այցելեցին նաեւ Գնալը, ուր ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Իմամօղլու, Կիւլ եւ միւս պատասխանատուները շրջայց մը կատարեցին կղզիի փողոցներով, ուր ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին ժողովուրդին նկատմամբ։

Գնալըի Ջրային արտադրանքի քոոփերաթիֆին մէջ անոնք զրոյց մըն ալ ունեցան կղզեբնակներուն հետ։ Տեղւոյն ղեկավարին՝ Ռոյ Օգսէնի կողմէ դիմաւորուեցաւ Իմամօղլու, որ միւս կղզիները կատարած այցելութիւններուն վերաբերեալ տպաւորութիւնները հակիրճ ձեւով փոխանցելէ վերջ լսեց նաեւ Գնալըի վերաբերեալ սպասումները եւ առկայ հարցերու լուծման շուրջ յղացուած առաջարկները։ Այս ամբողջին մէջ առանձնացան կղզիի ընդհանուր մաքրութեան, ծովափի կահաւորման, ապօրինի շինարարութեան, նաւերու ժամանակացոյցին, հանրային զուգարաններու եւ հետզհետէ աւելցող ինքնաշարժներու վերաբերեալ խնդիրները, որոնք թէեւ առանց պենզինի կ՚աշխատին, սակայն անոնց խտութիւնը վտանգներ յառաջացնելու մակարդակին հասած է։

Էքրէմ Իմամօղլու նշեց, որ այդ խնդիրներու լուծման համար՝ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետարանէն կախեալ ամէն ինչ ի գործ պիտի դրուի։ Քաղաքապետարանը կղզիներու համար 25 հատ նոր թաքսի գնած է եւ երբ որ անոնք սկսին գործել տեղւոյն վրայ, ապա մատուցուած ծառայութիւնը աւելի արդիւնաւէտ պիտի դառնայ եւ առանց թոյլտուութեան միւս ինքնաշարժներն ալ պիտի վերցուին։ Քաղաքապետը տեղեկացուց, որ կղզիներու համար մասնաւոր ծրագրաւորուած հանրային զուգարաններն ալ մօտ օրէն օգտագործման պիտի յանձնուին։ Էքրէմ Իմամօղլու ապօրինի շինարարութիւններու խնդրին ալ անդրադառնալով՝ յայտնեց, որ սա յանցագործութիւն մըն է եւ համապատասխան պարագաները պէտք է տեղեկացուին պատկան մարմիններուն։

Այցելութեան ընթացքին Էքրէմ Իմամօղլու պատրաստակամութիւն յայտնեց նաեւ մասնակցելու համերգի մը, որ նախատեսուած է Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրէն ներս։

Ուրբաթ, Օգոստոս 20, 2021