ԸՍՏ ՄԱՐԻԱ ԶԱԽԱՐՈՎԱՅԻ, ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒ ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ՇՓՄԱՆ ՄԷՋ ԵՆ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ արձագանգեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ ան Մոսկուային կոչ ուղղած էր՝ չզինել Երեւանը։ Ռուս բանբերը այս առթիւ յայտնեց, որ այս կամ այն երկրին զէնք վաճառելը Մոսկուայի ինքնիշխան իրաւունքն է։ Բաց աստի, Ռուսաստան միշտ հաշուի կ՚առնէ ուժերու հաւասարակշռութիւնը տարածքաշրջանէ ներս։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Մարիա Զախարովա երէկուան մամլոյ ասուլիսին ժամանակ յայտնեց, որ ռազմատենչ յայտարարութիւնները չեն նպաստեր տարածքաշրջանէ ներս իրավիճակի կարգաւորման։ Ռուսական կողմը անվերապահօրէն կ՚աջակցի Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ վերջին շրջանին գոյացած համաձայնութիւններու իրականացման։ «Ակրեսիւ հռետորաբանութիւնը այս նպատակին չի մօտեցներ», ըսաւ Զախարովա՝ առանց յստակեցնելու, թէ որու յայտարարութիւններուն կ՚ակնարկէ։ Թէեւ Մարիա Զախարովա այս խօսքերը ըսաւ պատասխանելու ժամանակ հարցումի մը, որու մէջ քանի մը օր առաջ Ալիեւի կողմէ կատար-ւած յայտարարութիւնները մէջբերուած էին։

Մարիա Զախարովա նաեւ շեշտեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կանոնաւոր շփումներ կ՚իրականացուին, բանակցութիւնները մշտապէս յառաջ կը տարուին, բայց այս բոլորը մեծամասնութեամբ հրապարակային չեն ըլլար, որովհետեւ զգայուն հարցեր կը քննարկուին։ «Պարզապէս սա կրնայ իսկապէս խանգարել կայուն արդիւնքի մը հասնիլը։ Այս կապակցութեամբ կը փափաքէի նշել Անդրկովկասի երկիրներու քաղաքական գործիչներու առճակատման կամ առաւել եւս ռազմատենչ հռետորաբանութեան բացարձակ անարդիւնաւէտ ըլլալը։ Այդ մէկը անմիջապէս կը հարուածէ, դժբախտաբար, մէկ կէտի եւ վնաս կը հասցնէ գլխաւորին՝ կայուն արդիւնքի հասնելուն», շարունակեց Զախարովա, որ գոհունակութեամբ յիշեցուց, թէ փոխ-վարչապետներու մակարդակով եռակողմանի աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը վերսկսած է եւ արդէն գործնական քննարկումներու անցած են կողմերը։

Բաց աստի, Մարիա Զախարովա կոչ ուղղեց, որպէսզի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հնարաւորինս արագ սահմանագծման եւ սահմանազատման աշխատանքները սկսին։ Երկու երկիրներու սահմանին վրայ իրավիճակը սրուած է կողմերու միջեւ վստահութեան պակասի պատճառով։ Սահմանագծման սկիզբը այս ուղղութեամբ կրնայ անոնց նպաստել։ Ինչպէս քանիցս յայտարարուած է, Ռուսաստանն ալ պատրաստ է խորհրդակցական աջակցութիւն ցուցաբերելու այս ուղղութեամբ։ Զախարովա խօսեցաւ նաեւ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի մասին։ Ըստ իրեն, ռուս խաղաղապահներու արդիւնաւէտ աշխատանքին շնորհիւ հայ-ատրպէյճանական շփման գօտիէն ներս իրավիճակը այնուամենայնիւ կը մնայ համեմատաբար հանգիստ։

Ըստ Մարիա Զախարովայի, Անդրկովկասի իրավիճակը ռուսական կողմի մշտական ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուի։ Մոսկուայի առաջնահերթութիւնն է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ գոյացած համատեղ համաձայնութիւններու իրականացումը։ Բաց աստի, Մոսկուա կանոնաւոր ձեւով բարձր մակարդակի շփումներ կ՚իրականացնէ Երեւանի եւ Պաքուի հետ։ Ան յիշեցուց, որ այս ամառ Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

«Անդադար աշխատանքներ կը տարուին ներքին քաղաքական, պաշտպանական եւ սահմանային հարցերով մարմիններուն հետ։ Երկկողմանի եւ եռակողմանի ձեւաչափերը կը քննարկուին կողմերու հետ եւ որոշումներ կ՚առնուին՝ հանդիպումներու առաւել արդիւնաւէտութեան հիման վրայ։ Ռուսաստան կողմնակից է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու համալիր կարգաւորման։ Կոչ կ՚ուղղենք կողմերուն՝ հնարաւորինս շուտ առկայ խոչընդոտները վերացնել մարդասիրական գետնի վրայ, փոխանակել ռազմագերիները՝ բոլորը բոլորի դիմաց սկզբունքով եւ ականապատուած տարածքներու քարտէսներով։ Մեր մեկնակէտն է, որ երկարատեւ լուծումը սահմանազատման եւ անոր յաջորդելիք սահմանագծման մասին բանակցութիւններու սկիզբն է», եզրափակեց Զախարովա։

Ուրբաթ, Օգոստոս 20, 2021