Ժամանակաւոր Արուեստի Գործեր

Վերջին շրջանին ժամանակաւոր արուեստի գրաւչութիւնը պատած է աշխարհը։ Բոլորն ալ կը յայտնուին համացանցի վրայ ու կը գրաւեն հետեւորդներու ուշադրութիւնն ու գնահատանքը։ Այսպէս, բրիտանացի նկարիչը տպաւորիչ խճանկարներ կը պատկերէ մանրաքարերու օգնութեամբ։ Այսպէս, բրիտանացի նկարիչ Ճասթին Պէյթմըն իւրատեսակ, սակայն ժամանակաւոր արուեստի գործեր կը ստեղծէ՝ փոքր քարերու օգնութեամբ: Ճասթին Պէյթմըն կը յաջողի տպաւորիչ խճանկարներ ստանալ հարիւրաւոր, նոյնիսկ հազարաւոր գունագեղ մանրաքարերէ, կը ներկայացնէ «Oddity Central»ը։

Պէյթմընի գլուխ գործոցներէն շատերը կը պատկերեն աշխարհահռչակ անձերը, որոնց շարքին են Փիքասոն, Մեծն Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին, Ճորճ Ուաշինկթըն եւ այլք: Անոր ստեղծագործութիւններու շարքին տեղ գտած են նաեւ արուեստի յայտնի գործեր, որոնք կը պատկանին տարբեր ժամանակներու վարպետներու վրձինին:

Արուեստագէտը կը նշէ, որ սկզբին դժուար էր քանդել իր աշխատանքը, որ ստեղծելու համար ժամեր կը վատնէր, սակայն աւելի վերջ ան ընդունեց ժամանակաւոր արուեստի բնոյթը ու դիւրութեամբ սկսաւ քանդել զանոնք:

Ուրբաթ, Օգոստոս 20, 2021