ՎԱՂԵՄԻ ԲԱՆԱՁԵՒՈՒՄ

Հայաստանի նոր կառավարութեան ծրագիրը յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովի հաւանութեան։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, ծրագրի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ բաժնին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարներուն։ Հայկական կողմը այս կապակցութեամբ կը տեւականացնէ իր վաղեմի բանաձեւումը։ Այսպէս, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս Երեւան պատրաստակամ է Անգարայի հետ առկայ խնդիրները առանց նախապայմաններու կարգաւորելու ուղղութեամբ ջանքեր գործադրելու։

«Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութիւնը, փակ սահմանները, ինչպէս նաեւ 44-օրեայ պատերազմին Թուրքիոյ բացայայտ ներգրաւումը բացասական ազդեցութիւն կը գործեն տարածքաշրջանի խաղաղութեան եւ կայուն զարգացման վրայ։ Հայաստան մշտապէս պատրաստակամ եղած է Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչ որ կը բխի տարածքաշրջանի կայունութենէն, անվտանգութենէն եւ տնտեսական զարգացման շահերէն», նշուած է ծրագրին մէջ։ Բաց աստի, փաստաթուղթին մէջ մատնանշուած է, որ ընթանալով առանց նախապայմաններու՝ կողմերը պէտք է համագործակցին վստահութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու համար՝ աստիճանաբար բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու նպատակով։

Կառավարութեան ծրագրին մէջ բանաձեւուած են նաեւ հայկական կողմի պատկերացումները՝ Անդրկովկասէ ներս նախատեսուած ապաշրջափակման գործընթացին վերաբերեալ։ Այսպէս, Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մին պիտի ըլլայ սահմանակից երկիրներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կամ խորացումը։ Տարածքաշրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կառավարութեան երկարատեւ ռազմավարութիւնը կը հանդիսանայ։ Թշնամութեան խորացումը սպառնալիք համարուած է տարածքաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան համար։ Թշնամութեան յաղթահարումը կրնայ դառնալ տարածքաշրջանային արտաքին քաղաքական օրակարգի առանցքը։ Ապաշրջափակումը պէտք է ըլլայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մին։ Յամենայնդէպս, այս գործընթացը չի կրնար տեղի ունենալ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ու կենսական շահերու հաշւոյն։

Ըստ ծրագրին, տարածքաշրջանի ապաշրջափակման ուղղեալ Հայաստանի կառավարութեան ջանքերը՝ միւս դերակատարներու կողմէ շինիչ դիրքորոշման ցուցաբերման պարագային պիտի ապահովեն խաղաղ ու փոխադարձ շահաւէտ մթնոլորտի ձեւաւորումը տարածքաշրջանէ ներս։ Այս տեսանկիւնէն առանցքային որակուած է՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջին շրջանին ստորագրուած եռակողմանի յայտարարութիւններով նախատեսուած քայլերու ամբողջական եւ անվերապահ իրագործումը։ Հայաստանի կառավարութիւնը համոզուած է, թէ տարածքաշրջանէ ներս երկարատեւ խաղաղութեան, կայունութեան, անվտանգութեան ու տնտեսական զարգացման համար առանցքային կը համարուին սահմանակից երկիրներու հետ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատումն ու զարգացումը։ Այսպէս, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատումն ու սահմանագծումը էական նշանակութիւն կ՚ունենան տարածքաշրջանէ ներս կայուն միջավայրի ձեւաւորման համար։

Կառավարութեան ծրագրին մէջ շեշտուած է նաեւ, որ յառաջիկայ տարիներուն գլխաւոր խնդիր պէտք է դառնայ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովումն ու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ եւ համապարփակ կարգաւորումը։ Կառավարութիւնը վերջնական կարգաւորումը կը պատկերացնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ներքեւ Արցախի վերջնական կարգավիճակի յստակեցումով՝ յայտնի սկզբունքներու եւ տարրերու հիման վրայ՝ ներառեալ, ինքնորոշման իրաւունքը։

Շեշտուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ ըլլալ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխաւորը եւ պիտի շարունակէ աշխատիլ անոր իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ։ Հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման համար առանցքային կարեւորութիւն ունի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի շրջանակներէն ներս բովանդակային բանակցութիւններու տեղի ունենալը։

«Արցախի եւ անոր ժողովուրդի անվտանգութիւնը պիտի շարունակէ ապահովել Պաշտպանութեան բանակը։ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքերու ներկայութիւնը Արցախէ ներս անվտանգութեան կարեւորագոյն երաշխիք է», նշուած է ծրագրին մէջ եւ ընդգծուած՝ որ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի երաշխաւորէ անհրաժեշտ բոլոր պայմաններու գոյութիւնը խաղաղապահ առաքելութեան անխափան եւ անխոչընդոտ գործունէութեան համար։

Ուրբաթ, Օգոստոս 20, 2021