ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԶՈՒԳԱՀԵՌ՝ ՆՈՐ ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄՏՆԱՆ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԴԷՄ

Կառավարութիւնը 2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը պահէ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ նախազգուշական միջոցներու հարցը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Նախարարաց խորհուրդի հերթական ժողովը, որու ընթացքին համապատասխան խնդիրները միշտ օրակարգի վրայ էին։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, նիստի աւարտին մանրամասն բացատրութիւններով հանդէս եկաւ նախագահ Էրտողան՝ ազգին ուղղուած խօսքի ձեւաչափին մէջ։ Ան նշեց, թէ սեպտեմբերի 6-ին պիտի սկսի շաբաթը հինգ օր երես-երեսի կրթութիւն։ Վերամուտի ընդառաջ առնուած են որոշումներ, ըստ որոնց նոր կարգադրութիւններ եւ նախազգուշական միջոցներ խնդրոյ առարկայ են համաճարակէն պաշտպանուելու համար։

Էրտողան երէկ տեղեկացուց, որ թերեւս պատուաստուած կրթական մշակներու եւ անձնակազմի պարագային պիտի պահանջուի շաբաթը առնուազն երկու անգամ PCR քննութիւն։ Տակաւին չպատուաստուած համալսարանական ուսանողներու պարագային ալ ստիպողական պիտի դառնայ պարբերաբար այդ քննութեան ենթարկուիլը։

Ի լրումն այս բոլորին, մօտաւոր ապագային շրջանառութեան մէջ մտնելիք կարգադրութիւններով՝ նոյն քննութիւնները պիտի պահանջուին օդանաւով կամ օթօպիւսով միջքաղաքային ճամբորդութիւններու համար, ինչպէս նաեւ համերգներու մասնակցելու, թատրոնի կամ շարժանկարի դահլիճներ մուտք գործելու համար։

Ուրբաթ, Օգոստոս 20, 2021