ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ԷՄՄԱՆԻՒԷԼ ՄԱՔՐՈՆ ԽՕՍԵՑԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻՆ ՇՈՒՐՋ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Անոնք կանգ առին նաեւ Աֆղանիստանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին վրայ։ Ռուսական պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մաքրոնի խնդրանքին ընդառաջ Փութին ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ Երեւանի, Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ գոյացած եռակողմանի համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը։ Ռուս ղեկավարը նշած է, որ տարածքաշրջանէ ներս իրավիճակը ընդհանուր առմամբ կայուն է։ Բաց աստի, Փութին Մաքրոնի նկատառման յանձնած է, թէ քայլերու կը ձեռնարկուին Հարաւային Կովկասէ ներս տնտեսական ու փոխադրական կապերը վերականգնելու եւ բնակչութեան մարդասիրական կարիքները բաւարարելու ուղղութեամբ։ «Երկու նախագահները փափաք յայտնեցին շարունակել համատեղ աշխատանքը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի զանազան երեսակներու կարգաւորման ուղղութեամբ՝ նախ եւ առաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս», նշուած է Քրեմլինի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։ Նախագահները յայտնած են նաեւ, որ փոխադարձաբար տրամադիր են ապագայ համատեղ աշխատանքի։

Էլիզէի պալատի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Մաքրոն եւ Փութին վերահաստատած են իրենց միասնական յանձնառութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի առաւել մեծ դերակատարութեան հասնելու համար։ Այսպէսով անոնք կը հետապնդեն տեւական լուծումներ ապահովելու նպատակը՝ անցեալ տարուան պատերազմէն եւ հրադադարի համաձայնութենէն յետոյ։ Փարիզի աղբիւրներու հաղորդումներով, աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած է Փութին-Մաքրոն զրոյցը։ Աշխարհաքաղաքական խնդիրներու առընթեր, ֆրանսացի ղեկավարը շօշափած է ժողովրդավարութեան վերաբերեալ հարցեր՝ իր ռուս պաշտօնակցին հետ զրուցելու ժամանակ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները վերջին անգամ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադարձած էին անցեալ ամիս տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 20, 2021