ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԵՒ ՀԻՔՄԷԹ ՀԱՃԻԵՒ ԵՐԷԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ

Երէկ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւ հանդիպում մը ունեցան Պրիւքսելի մէջ։ Այս բանակցութիւններուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար։ Ինչպէս ծանօթ է, նախապէս ալ այս ձեւաչափին մէջ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցած էր՝ 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ։ Երբ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել յետպատերազմեան շրջանին զանազան առիթներով մէկտեղած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, Թոյվօ Քլաարն ալ այս մակարդակին վրայ Պրիւքսելի կողմէ ձեռնամուխ եղած է Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու հնարաւորինս կարգաւորման, մանաւանդ՝ լիցքաթափման։ Թոյվօ Քլաարի միջնորդութեամբ նախապէս տեղի ունեցած Արմէն Գրիգորեան-Հիքմէթ Հաճիեւ հանդիպումէն ի վեր անցած էր բաւական ժամանակ։ Ընթացքին այլ ժամադրութիւններ ալ կազմակերպուած էին, սակայն հայկական կողմը պաշտօնապէս տեղեկացուցած էր, որ Պաքու ձեռնպահ կը մնայ մասնակցելու այդ հանդիպումներուն։ Այդ բոլորէն վերջ երէկ ի վերջոյ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Գրիգորեանի եւ Հաճիեւի հերթական տեսակցութիւնը։

Թոյվօ Քլաար ընկերային ցանցերու վրայ շատ սահմանափակ գրառում մը կատարեց երէկուան բանակցութիւններուն շուրջ։

«Պրիւքսելի մէջ մենք արդիւնաւէտ քննարկումներ իրականացուցինք Հիքմէթ Հաճիեւի եւ Արմէն Գրիգորեանի հետ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու եւ այդ գործընթացէն ներս Եւրոմիութեան մասնակցութեան վերաբերեալ հարցերուն շուրջ», նշեց եւրոպացի դիւանագէտը։

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2022