ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՎՐԱՍՏԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ԵՐԷԿ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՈՒՐՋԸ

Երբ Հարաւային Կովկասէ ներս ուժերու վերադասաւորման գործընթացը ամբողջ թափով կը շարունակուի, Երեւան-Թիֆլիզ առանցքին տեսակէտէ երէկ յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, Հայաստանի եւ Վրաստանի սահմանին վրայ բացուեցաւ Բարեկամութեան կամուրջը։ Բագրատաշէն-Սատախլու անցակէտի տարածքէն ներս պաշտօնապէս բացուեցաւ՝ Տէպէտ գետին վրայ կառուցուած այս նոր կամուրջը։ Բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի։

Արարողութեան ընթացքին երկու վարչապետները հանդէս եկան ելոյթներով։ Նիկոլ Փաշինեան մատնանշեց, որ այս նոր կամուրջի գործարկումը կ՚ազդարարէ Հայաստան-Վրաստան բազմաբովանդակ համագործակցութեան մէջ նոր փուլ մը։ Իր կարգին, Իրակլի Ղարիպաշվիլին ալ ընդգծեց, որ Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւնները տարածաշրջանի բարեկեցութեան, անվտանգութեան տեսակէտէ նախապայման կը համարուին։

Սահմանի՝ Բագրատաշէնի հատուածէն ներս բացման արարողութենէն վերջ տեղի ունեցաւ նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի առանձնազրոյցը։ Հանդիպման ընթացքին երկու վարչապետները քննարկեցին երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգային հարցերը, նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային զարգացումներուն շուրջ։ Երկուստեք վերահաստատուեցաւ բարեկամական կապերը հետեւողականօրէն խորացնելու եւ աշխոյժ երկխօսութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը։

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2022