ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ մինչեւ 2018 թուականի գարունը Երեւանի կողմէ առ ոչինչ պիտի յայտարարուին Անգարայի հետ ստորագրուած Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները։ Սերժ Սարգսեան այս զգայացունց պատգամը փոխանցեց Նիւ Եորքի մէջ, ուր կը մասնակցի ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 72-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն։

Նիւ Եորքի մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան կ՚ունենայ բազմակողմանի շփումներ։ Երէկ, ան ելոյթով մը հանդէս եկաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն եւ այս առթիւ անդրադարձաւ այն բոլոր հիմնախնդիրներուն, որոնք միջազգային բեմահարթակի վրայ առաջնահերթութիւն կը ներկայացնեն Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան տեսակէտէ։ Բացի ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ելոյթ ունենալու, Սերժ Սարգսեան շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ երկկողմանի ձեւաչափով։ Այսպէս, ան տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի, Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի նախագահ Փիթըր Մաուրէրի եւ Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտայի հետ։ Սարգսեան բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին կանգ կ՚առնէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վրայ։

ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունեցած ելոյթին ընթացքին Սերժ Սարգսեան դարձեալ բազմակողմանիօրէն անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։

Նախագահ Սարգսեանի խօսքերով՝ 1992-1994 թուականներու ծանր պատերազմը, հետեւանքներն ու այնուհետեւ ծաւալած բանակցութիւնները Ատրպէյճանի տեսակէտէ որեւէ դաս չեն եղած։ Անցեալ տարի Ապրիլին Ատրպէյճանի սանձազերծած քառօրեայ պատերազմը ապացուցանեց, որ այդ երկիրը կը շարունակէ հետապնդել Արցախի ժողովուրդը բնաջնջելու իր նպատակը։ Սարգսեան կարեւորութեամբ մատնանշեց, որ արդէն տարիներէ ի վեր հայատեացութիւնը Ատրպէյճանի մէջ դարձած է պետական քաղաքականութեան հիմնարար եւ բաղկացուցիչ մաս։ Սա խորապէս արմատաւորուած է դպրոցական դասագիրքերու մէջ եւ կը թունաւորէ այդ երկրի երիտասարդ սերունդի մտածելակերպը։ Արդէն տարիներ շարունակ այս մասին կ՚ահազանգեն ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան հարցերով զբաղող շարք մը մասնագիտական միջկառավարական եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ։ «Այս բոլորը մեզի կը բերեն այն համոզման, թէ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը կենսական նշանակութիւն ունի։ Այս հարցին մէջ ես կ՚արտայայտեմ ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի, այլեւ ամբողջ աշխարհի հայութեան միասնական տեսակէտը», ըսաւ Սարգսեան եւ աւելցուց, որ բոլորը պէտք է գիտակցին, թէ այժմ Ատրպէյճան ժողովրդավարական ուղղութիւնով զարգացող Արցախի համար պարզապէս միջնադարեան յետամնացութեան խորհրդանշան մըն է։ «Ատրպէյճան չունի իրաւական եւ բարոյական որեւէ հիմք Արցախի պարագային յաւակնութիւն ներկայացնելու համար։ Արցախ երբեք անկախ Ատրպէյճանի մաս չէ կազմած, ուստի արդար չեն այդ պետական շրջանակին Արցախը բռնակցելու ձգտումները», աւելցուց Սարգսեան Նիւ Եորքի մէջ։

Հայաստանի նախագահը մատնանշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի։ ՄԱԿ-ի բարձր ամպիոնէն Սերժ Սարգսեան վերահաստատեց հայկական կողմի յանձնառութիւնը այս առումով։ «Կարգաւորման ի՛նչ տարբերակի որ ալ հասնինք՝ Արցախի Հանրապետութիւնը չի կրնար ունենալ աւելի ցած կարգավիճակ եւ վայելել աւելի քիչ ազատութիւն, քան ունի այսօր։ Ատրպէյճան պէտք է ճանչնայ եւ յարգէ Արցախի ժողովուրդին կողմէ իր ապագան ազատ կամքի արտայայտութեամբ որոշելու իրաւունքը, իսկ արցախահայութեան անվտանգութիւնը պէտք է երաշխաւորուած ըլլայ հնարաւոր բոլոր միջազգային եւ ներքին դրութիւններով։ Մնացեալ բոլոր հարցերը ածանցուած են։ Մնացեալ բոլոր հարցերը պիտի գտնեն իրենց տրամաբանական եւ արդար լուծումը՝ խնդրի կարգաւորման զուգահեռ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիւ Եորքի մէջ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի տանտիրութեամբ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Սերժ Սարգսեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունեցած ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն։ Ան ըսաւ, որ Երեւան երբեք նախապայմաններով չէ մօտեցած Անգարայի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին։ Աւելի՛ն. Հայաստանի նախաձեռնած գործընթացին շնորհիւ 2009 թուականի Հոկտեմբերին կնքուած էին Ցիւրիխի արձանագրութիւնները։ «Այդ փաստաթուղթերը առ այսօր չեն վաւերացուած եւ հանգրուանած են Անգարային պաշտօնական մութ գզրոցներուն մէջ։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը անհեթեթ նախապայմաններ յառաջ կը քշէ զանոնք վաւերացնելու համար։ Այդ նախապայմանները բնաւ չեն բխիր արձանագրութիւններու տարրէն եւ ոգիէն։ Այդ բոլորին հանդէպ հայ ժողովուրդի յստակ վերաբերմունքը ես արտայայտեցի երեք տարի առաջ՝ այս բարձր ամպիոնէն։ Այժմ եկած է յաւելեալ պարզաբանում տալու ժամանակը։ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կը սխալի, եթէ կը մտածէ՝ որ ինք կրնայ առյաւէտ պատանդ վերցնել այդ փաստաթուղթերը եւ վաւերացնել միայն իրեն յարմար առիթով։ Արձանագրութիւնները բանակցուած են ներկայ պայմաններուն մէջ՝ առկայ խնդիրներուն լուծում գտնելու համար։ Անոնց կենսագործման ուղղութեամբ շարունակաբար որեւէ դրական տեղաշարժի բացակայութեան պայմաններուն մէջ Հայաստան այդ երկու արձանագրութիւնները պիտի յայտարարէ առ ոչինչ։ Մենք 2018 թուականի գարուն պիտի մտնենք առանց այդ, ինչպէս, դժբախտաբար, փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, սին արձանագրութիւններուն։ Հայաստան, այնուամենայնիւ, կը շարունակէ համոզուած ըլլալ, թէ իւրաքանչիւր երկու հարեւան պետութիւններ պարտաւոր են հիմնել եւ վայելել կանոնաւոր յարաբերութիւններ՝ իրենց միջեւ հնարաւոր բոլոր տարաձայնութիւնները քննարկելու եւ անոնց լուծումներ գտնելու նպատակով», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։

ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ինչպէս ծանօթ է, Նիւ Եորքի շփումներուն ընթացքին Սերժ Սարգսեանի ընկերակիցներու շարքին կը գտնուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ «Ինթերֆաքս» գործակալութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ Նիւ Եորքի մէջ, 23 Սեպտեմբերին նախատեսուած է Եդուարդ Նալպանտեանի, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն տեսակցութիւնը։ Այս հանդիպման մասին երկար ժամանակէ ի վեր կը ծաւալուէին խօսակցութիւններ եւ արդէն հիմա յստակեցուած է նաեւ անոր ժամկէտը՝ եթէ վերջին պահուն անակնկալ իրադարձութիւն մը չպատահի։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Էնտրու Շեֆըրն ալ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հարցազրոյց մը տուաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Շեֆըր համոզուած է, թէ հակամարտութեան արդար կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային իրաւունքին վրայ։

Տակաւին անցեալ ամիս համանախագահ նշանակուած ամերիկացի դիւանագէտը յոյս յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը հիմք կ՚ապահովէ նաեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ բարեխիղճ բանակցութիւններու անյապաղ վերսկսման տեսակէտէ։ Հարցազրոյցին մէջ ան կանգ առաւ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի երեք ծանօթ սկզբունքներուն վրայ եւ աւելցուց, որ ի վերջոյ խաղաղութեան պատասխանատուութիւնը իրենց ուսերուն վրայ կը կրեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները։

Հարկ է նշել, որ Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուի նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ նոյնպէս մասնակցութիւն կը բերէ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման աշխատանքներուն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2017