ՀԱՄԸՆԴԳՐԿՈՒՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Համահայկական 6-րդ համաժողովը այսօր Երեւանի մէջ կ՚եզրափակէ իր աշխատանքները։ Համընդգրկուն օրակարգով ծաւալուած եռօրեայ քննարկումներէ վերջ այսօր կ՚ընդունուի հռչակագիր մը եւ այսպէսով համաժողովի աշխատանքները կը հասնին իրենց աւարտին։

Երէկ առաւօտ, Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ համաժողովի երկրորդ լիագումար նիստը, զոր վարեց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։ Նիստի ընթացքին ծաւալուն ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան։

Կը հաղորդուի, որ Կարէն Կարապետեան հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթը յատկացուց մասնաւորապէս Հայաստանի տնտեսութեան վերաբերեալ նիւթերուն։ Ան այս խնդիրը մեկնաբանեց բաւական մանրամասն եւ բազմակողմանիօրէն։ Կարապետեան այս առթիւ ընդգծեց, որ հայերը իրարմէ նեղանալու իրաւունքը չունին։ Վարչապետը ըսաւ.

«Մենք իրարմէ նեղանալու իրաւունք չունինք։ Պէտք չէ վատէն կառչիլ, եթէ նոյնիսկ իւրաքանչիւրը չունի մեղքի բաժին, ապա մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ քիչ մը աւելին ընել։ Մեզի պէտք է յառաջադէմ եւ զարգացած երկիր մը, որ աշխարհի բոլոր հայերը ձգող կեդրոն մը պիտի դառնայ։ Մենք պէտք չէ պատրանքներ ունենանք։ Անհրաժեշտ է զանոնք յաղթահարել եւ պատկերացնել, թէ ինչպիսի՛ վիճակի մէջ ենք եւ ի՛նչ կրնանք ընել։ Անհրաժեշտ է միաւորել բոլոր անոնք, որոնք անտարբեր չեն իրենց հայրենիքին եւ ժողովուրդին նկատմամբ»։

Ելոյթին տեւողութեան Կարէն Կարապետեան բացատրեց, որ Հայաստան հրապուրիչ է ո՛չ միային իր շուկայով, այլ եւ հրապուրիչ է նաեւ որպէս հարթակ՝ մեծ շուկաներ ներթափանցելու համար։ Իր խօսքերով՝ Հայաստան ունի ժամանակակից եւ յառաջադէմ երկիր մը դառնալու հսկայական ներուժը։ «Համոզուած եմ, թէ բոլորիս նպատակն է ունենալ ազատ, անվտանգ եւ արդար Հայաստան», ընդգծեց Կարէն Կարապետեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2017