ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագրեալ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը։ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս ցուցահանդէս-տօնավաճառը։ Վերջին տարիներուն աւանդական դարձած է այս նախաձեռնութիւնը, որ համբաւ ձեռք բերած է բարձր որակով, ճաշակաւոր ձեռագործներով։ Այս տարուան ցուցահանդէս-տօնավաճառը նուիրուեցաւ Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին։

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան եւ Երեւանի մօտ Սուրիոյ գործերու հաւատարմատար ու հիւպատոս Պաշար Սաֆի։ Նախարար Հայրապետեան շրջայց մը կատարեց բացօթեայ տաղաւարներով, ծանօթացաւ մասնակիցներուն հետ ու վերահասու դարձաւ անոնց առկայ հարցերուն։

Հարկ է նշել, որ ցուցահանդէս-տօնավաճառի ծիրին մէջ ներկայացուած էին ձեռագործ աշխատանքներ, բնական քարերէ կամ արծաթէ պատրաստուած զարդեր, ինչպէս նաեւ ուտեստեղէններ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018