ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ այցելեց երկրի Հանրային հեռուստաընկերութեան կեդրոնական համալիրը։ Տնօրէնուհի Մարկարիթա Գրիգորեանի ուղեկցութեամբ ան շրջայց մը կատարեց հեռուստակայանի համալիրէն ներս։ Ծանօթ է, որ Նիկոլ Փաշինեան օտար մը չէ զանգուածային լրատուութեան աշխարհին, իբր այդ առանձնապէս հետաքրքրութեան արժանացաւ իր այցելութիւնը։ Վարչապետը մասնաւորապէս եղաւ արխիւի նոր մասնաշէնքին մէջ՝ տեղեկութիւններ քաղեց կատարուած աշխատանքներուն եւ այնտեղ տեղադրուած նոր թեքնիկ սարքաւորումներուն կապակցութեամբ։ Արխիւային նոր մասնաշէնքը համալրուած է թուայնացման եւ արխիւային նիւթերու վերականգնման ժամանակակից սարքաւորումներով՝ JICA պետական գործակալութեան աջակցութեամբ։ Նիկոլ Փաշինեան եղաւ նաեւ սփռումներու բաժնին մէջ, ուր անոր ներկայացուեցան բովանդակային եւ թենքիկ որակի բարձրացման ուղղեալ կեանքի կոչուած աշխատանքները։ Այնուհետեւ վարչապետը խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ հեռուստաընկերութեան ղեկավար անձնակազմի եւ ստեղծագործական խումբի ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս ընթացքին ներկայացուեցաւ Հայաստանի Առաջին ալիքի աշխատանքային հաշուետուութիւնը։

Նիկոլ Փաշինեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հանրայինի կողմէ կազմակերպուած «Ժամանակներու խաչմերուկ» համերգ-նախագծի նկարահանման։ Այս երեկոյթին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, Հայաստանի Հեռուստառատիօ ընկերութեան նախագահ Արա Շիրինեան, օտարերկրեայ դիւանագէտներ եւ այլ հիւրեր։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019