ԿԻՐԵՍՈՒՆԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱՎԷՃ
Կիրեսունի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) Խորհրդարանական վեհաժողովի տնտեսական, առեւտուրի, փորձագիտական եւ բնապահպանական հարցերու յանձնաժողովի 53-րդ նիստը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Վահէ Էնֆիյաճեանի։
Այս ժողովի ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն միջեւ ապրուեցաւ բանավէճ մը՝ ինչպէս կը պատահի յաճախ։ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավար Էտկար Կուլիեւի յայտարարութիւններուն լոյսին տակ Վահէ Էնֆիյաճեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Իր ելոյթին մէջ Էնֆիյաճեան ըսաւ.
«Ատրպէյճանի ղեկավարի յայտարարութիւններէն կը հետեւի, որ Պաքուի պաշտօնական ռազմավարական նպատակը ո՛չ միայն Արցախի գրաւումն է, այլ նաեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի ու նոյնիսկ մայրաքաղաք Երեւանի գրաւումը։ Կը կարծեմ՝ ինծի հետ կը համաձայնիք, թէ նմանօրինակ յայտարարութիւնները չեն կրնար նպաստել կողմերու միջեւ երկխօսութեան։ Այս ուղղութեամբ կ՚ուզեմ ընդգծել, որ մեր երկիրը միշտ բարձր մակարդակով յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է ընդունելի ըլլայ Արցախի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներու համար։ Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի ղեկավարութիւնը անգամ մը եւս ընդգծած է, որ կողմնակից է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։ Այնուամենայնիւ, մենք Պաքուէն տակաւին խաղաղասիրական ոչինչ լսած ենք»։
Էնֆիյաճեան յայտնեց, որ հայկական կողմը անընդունելի կը համարէ՝ սեփական ճակատագիրը որոշելու իրաւունքի՝ որպէս բռնի գործողութիւն ներկայացման փորձերը։ Ան շեշտեց նաեւ, որ Ատրպէյճան մէկ կողմէ հակահայկական քաղաքականութիւն կը ծաւալէ, իսկ միւս կողմէ կը ջանայ խուսափիլ այդ պատասխանատուութենէն։ Ըստ իրեն, անիմաստ է նաեւ խաղաղ բնակիչներ սպաննած եւ այդ պատճառով ձերբակալուած անձերը ներկայացնել որպէս ռազմագերի։ Խորհրդարանի փոխ-նախագահը շեշտեց նաեւ, որ Ատրպէյճան Հայաստանի եւ Արցախի դէմ նոր պատերազմի մը սկսելու իրաւունքը միշտ ինքզինքին կը վերապահէ։