ԿԷՈՐԿԻ ՄԱՐԿՎԵԼԱՇՎԻԼԻԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ՝ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ

Վրաս­տա­նի Նա­խա­գահ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լի վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Իս­րա­յէ­լի մէջ։ Պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով Նա­խա­գահ Մարկ­վե­լաշ­վի­լի եւ Ա­ռա­ջին տի­կին Մա­կի Չի­չուա ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ։ Մարկ­վե­լաշ­վի­լի Իս­րա­յէ­լի Նա­խա­գահ Ռէու­վէն Ռիվ­լի­նի հետ քննար­կեց երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խո­րաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Ռիվ­լին պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով դի­մա­ւո­րեց իր վրա­ցի պաշ­տօ­նա­կի­ցը, ո­րուն հետ ու­նե­ցաւ ա­ռանձ­նազ­րոյց մը։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը գլխա­ւո­րե­ցին նաեւ ընդ­լայ­նուած ձե­ւա­չա­փով բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։

Մարկ­վե­լաշ­վի­լի հրեայ պաշ­տօ­նակ­ցին հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րեց, որ Վրաս­տան Իս­րա­յէ­լը կը դի­տէ որ­պէս կա­րե­ւոր գոր­ծըն­կեր։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ դա­տա­պար­տեց ա­հա­բեկ­չու­թեան ա­մէն տե­սակ դրսե­ւո­րում։ Նա­խա­գահ­նե­րը ար­ծար­ծե­ցին եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խո­րաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը։

Մարկ­վե­լաշ­վի­լի, որ այ­սօր կ՚ա­ւար­տէ իր այ­ցե­լու­թիւ­նը, տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յաու­հի, Քնե­սէ­թի նա­խա­գահ Եու. Է­տելշ­թայ­նի եւ խորհր­դա­րա­նա­կան ընդ­դի­մու­թեան ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։ Վրա­ցի ղե­կա­վա­րը տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Յոյն Ուղ­ղա­փառ պատ­րիար­քին հետ, այ­ցե­լեց նաեւ Հո­լո­քոս­տի թան­գա­րա­նը։

Միւս կող­մէ, Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կէոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լի, որ նոր նշա­նա­կուած է իր պաշ­տօ­նին, ե­րէկ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան մը ձեռ­նար­կեց դէ­պի Պա­քու, ուր Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ կը քննար­կէ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Հարկ է նշել, որ սա Քվի­րի­քաշ­վի­լիի ա­ռա­ջին ար­տա­սահ­մա­նեան այ­ցե­լու­թիւնն է։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2015