ԹՈՒՐՔ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐԸ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ե­րէկ ռմբա­կո­ծում­ներ կա­տա­րե­ցին Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ։ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, թրքա­կան ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րը Ա­ւա­շին-Պա­սեան շրջա­նէն ներս ազ­դու հա­րուած­ներ տուին ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ։ Շրջա­նէն հա­սած լրա­քա­ղու­թեան վայր­կե­նա­կան տուեա­լի մը զու­գա­հեռ՝ պա­հու տակ, ան­մի­ջա­պէս շարժ­ման ան­ցան զօր­քե­րը, ո­րոնք ոչն­չա­ցու­ցին ՓՔՔ­-ի ա­պաս­տա­նա­րան­նե­րէն մին։

Բաց աս­տի, Հաք­քեա­րիի Չու­քուր­ճա գա­ւա­ռա­կին մէջ ալ օ­դէն ռմբա­կո­ծուե­ցան ՓՔՔ­-ի կարգ մը դիր­քե­րը։

Միւս կող­մէ, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը ռմբա­կո­ծե­ցին նաեւ Սու­րիա­յէ ներս Հա­լէ­պի հիւ­սի­սի կարգ մը շրջան­նե­րը։ Այս­պէս, ոչն­չա­ցուե­ցան ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի 18 դիր­քեր։ Այդ թի­րախ­նե­րը ռմբա­կո­ծե­լէ վերջ ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րը եր­կիր վե­րա­դար­ձան անվ­տանգ ձե­ւո­վ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2016